«Սանա».- Թուրքիոյ Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան (CHP) փոխնախագահ Ֆայէք Օզթրաք հաստատեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Թուրքիոյ իշխանութիւնը ստանձնելէն ետք, տարածաշրջանի մէջ հրէական եւ ամերիկեան ծրագրերու իրականացման գործիք հանդիսացաւ: Օզթրաք, 20 Օգոստոսին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ Էրտողան ամերիկացիներուն դաւակիցը դարձաւ այսպէս կոչուած Միջին Արեւելքի նոր ծրագիրը իրականացնելու համար: Մինչդեռ Էրտողանի կուսակցութիւնն ու Թուրքիոյ մէջ գործող այլ կուսակցութիւններ դէմ էին 2011-էն ի վեր Էրտողանի վարչակարգին Սուրիոյ ներքին հարցերուն բարբարոսական միջամտութեան եւ Թուրքիոյ սահմանը ահաբեկիչներու տեղաւորման եւ անոնց դէպի Սուրիա հոսքին միջանցք դարձնելուն:
Օզթրաք շեշտեց, որ Էրտողան ներքաշուած էր Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան եւ ամերիկեան դաւադրական ծրագրերուն մէջ, ուստի ան պէտք է խոստովանի Թուրքիոյ ժողովուրդին այս բոլորը եւ ներկայացնէ, թէ ինչո՛ւ ծառայած է դաւադրական այս ծրագրերու իրագործման, իսկ վերջերս նաեւ ԱՄՆ-ի հետ Սուրիոյ հիւսիսային տարածքներուն վրայ «Ապահովական գօտի» հաստատելուն, որ իրականութեան մէջ Սուրիոյ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիք կը համարուի:
Յիշենք, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը նախորդ ամիս կտրականապէս մերժեց ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ համաձայնութեամբ «Անվտանգ գօտի» ստեղծելու նախաձեռնութիւնը՝ զայն համարելով թուրք-ամերիկեան դաւադրական գործակցութեան յստակ ապացոյց, որ իրականութեան մէջ կը ծառայէ Իսրայէլի բռնատիրական եւ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական շահերուն: