Ամուլսարի շահագործման առնչութեամբ վերջին օրերուն ծաւալող հանրային լարուածութեան պատճառը գործող իշխանութիւններուն հակասական յայտարարութիւններն են, չկշռադատուած գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ հարցին շուրջ հասարակութեան լայն շրջանակներու մէջ ձեւաւորուած մեծ սպասումներուն համարժէք քայլերու բացակայութիւնը:

Առաջնահերթութիւն համարելով ազգային եւ պետական շահը, հանրային համերաշխութիւնը, բնական պաշարներու անվտանգ շահագործումը, շրջակայ միջավայրի կենսաբազմազանութեան պահպանումն ու երկրի կայուն զարգացումը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը յայտարարէ.
-ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը խիստ մտահոգիչ է համարում այն իրողութիւնը, որ հրապարակուած եզրակացութիւնները բաւարար համոզում եւ վստահութիւն չեն ներշնչում ինչպէս հանրային, այնպէս էլ մասնագիտական շրջանակներում:
-Իշխանութիւններին կոչ ենք անում հրապարակուած մասնագիտական եզրակացութիւնը չդիտարկել որպէս հանքի շահագործման վերջնական հիմնաւորում:
Կարեւորելով խնդրի հանրային հնչեղութիւնը, երկրի ընկերային-տնտեսական եւ բնապահպանական հեռանկարի վրայ վերջինիս հնարաւոր լրջագոյն ազդեցութիւնն ու վտանգները, նպատակայարմար ենք գտնում`
-Հանրային եւ մասնագիտական լրացուցիչ քննարկումների արդիւնքում հասնել համոզիչ լուծումների,
-Վերականգնել առողջ երկխօսութիւնը մասնագիտական փորձագիտական շրջանակների հետ,
-Հանրաքուէի ճանապարհով հասնել պետութեան շահերից բխող եւ հանրութեան կողմից ընդունելի որոշման:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
21 Օգոստոսի 2019