Աւանդութիւնը իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունի քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքին մէջ։ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը քրիստոնէական հաւատքը կ’արտացոլացնէ: Նախքան Աւետարանին գրի առնուիլը, կային միայն սրբազան աւանդութիւններ, որոնք հաւաքական յիշողութեան արտայայտիչն էին։ Այս հաւաքական յիշողութեան հիման վրայ, եկեղեցին իր հաւատքի աւանդը բերանացի կերպով կը փոխանցէր, իր խնամքին յանձնուածներուն՝ հաւատացեալներուն։

Աւանդութիւն բառը եկած է աւանդել բառէն, որ կը նշանակէ յանձնել կամ տալ: Քրիստոնէական առաջին ժամանակահատուածէն իսկ ձեւակերպուեցաւ աւանդութիւնը: Պօղոս Առաքեալ Տիմոթէոսի ուղղած երկու նամակներուն մէջ, ակնարկութիւն կը կատարէ աւանդութիւնը պահելու մասին: Ըստ Առաքեալին՝ աւանդութիւնը Ս. Հոգիի օգնութեամբ կը պահուի (Բ. Տմ 1.14): Պէտք է զգուշ ըլլալ իւրացնելէ կեղծ տեսութիւններ, որոնք մարդը ճշմարիտ հաւատքէն կը շեղեն (Ա.Տմ 6.21), ինչպէս կ’ըսէ Առաքեալը:
Առաջին դարերու աւանդութիւնները գրի չեն առնուած զանազան պատճառներով. առաջին՝ քրիստոնէութիւնը իր առաջին շրջանին ենթարկուեցաւ զանազան տեսակի հալածանքներու: Երկրորդ՝ ժողովուրդին մեծ մասը ուսեալ չէր, ան լսելով հաւատքը կ’ընդունէր: Ուստի, քրիստոնէական նորահաստատ համայնքները բերանացի ձեւով աւանդները փոխանցեցին գալիք սերունդներուն: Նոյնիսկ առաջին շրջանին, Քրիստոսի Աւետարանը բերանացի քարոզուեցաւ մինչեւ գրի առնուիլը: Աւանդաբար փոխանցուեցան նաեւ Տիրամօր միջոցաւ կատարուած հրաշքները եւ իր վերափոխման դէպքը:
Յաւերժ կոյսին ծնունդը, անարատ յղութիւնը, երկրէն երկինք փոխադրուիլը, այլ խօսքով Աստուածամօր կեանքի բոլոր փուլերը Աստուծոյ Տնօրինական խորհուրդով լեցուն են:
Սուրբ Կոյս Մարիամի խորհրդապահ կեանքը եւ վերափոխումը մեզի առիթ կու տան աւելի խորաթափանց խորհրդածելու Իր մասին: Ան ո՛չ միայն կը բնորոշուի «անարատ յղութեամբ», այլ նաեւ որպէս Հօր Աստուծոյ դուստրը, Սուրբ Հոգիին հարսը եւ Բանին Մայրը:
Մարիամ, որ Յուդայի եւ Դաւիթի տունէն սերած է, Յիսուս Քրիստոսի համբարձումէն ետք, մօտաւորապէս 15 տարի ապրեցաւ Յովհաննէս՝ սիրող Առաքեալին հետ, ինչպէս պատուիրած էր Որդին: Երբ Տիրամօր ննջման ժամանակը մօտեցաւ, Տէրը, ինք խոստացաւ ամենասուրբ Կոյսին մարմինը յարուցանել, ինչպէս կը վկայէ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը։
Մարիամ Առաքեալներուն հետ յարատեւ աղօթքով եւ գոհաբանական աղերսներով անցուց իր կեանքը, մինչեւ ննջման ժամանակը եւ փոխադրուիլը երկինք: Թագաւորներու թագաւորը, երկնային զօրքերու ճամբով հրաւիրեց Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը երկնային օթեւաններ, որպէսզի անբաժան մէկ մասնիկը դառնայ երկնային թագաւորութեան: Վերափոխումէն ետք, Առաքեալները սկսան ամբողջ ժողովուրդին պատմել այն ինչ որ պատահեցաւ Տիրամօր: Հետեւաբար, Աստուածամօր Վերափոխման տօնը Առաքեալներէն հաստատուեցաւ եւ աւանդուեցաւ առաջին եկեղեցիին։
Արժանաւորապէս Սուրբ Կոյսը պսակուեցաւ Աստուածային բրաբիոն գդակով, երբ փողար հրեշտակապետը ժամկոչեց, փողփողած խուժան երկնային մարմինները շարամանուեցան երկինքէն երկիր, երկնային սանդուխով Աստուածավայել թափօր կազմեցին: Անոնք պատկառանքով եւ ակնածանքով մօտեցան Աղախինի դամբարանին եւ զայն փոխադրեցին մեծահոգի արուսեակի մը նման։ Սուրբ Մարիամ, որ ծնաւ անմահը, դարձաւ անմահութեան Մայր, յաւիտենականութեան Մայր։
Մարիամ իր դալար ձեռքին մէջ պատսպարեց ֆիզիքապէս տկար Յիսուս մանուկը։ Այսօր Սուրբ Կոյսը ինք, իր Որդիին ձեռքերուն մէջ ամբողջովին ինքզինք յանձնեց: Մարիամ իր որովայնին մէջ բնակեցուց Սրբութիւն Սրբոցը ժամանակաւորապէս։ Այսօր ինք կը բնակի երկնային ապարանքին մէջ յաւերժապէս: Ինչպէս Քրիստոսի գերեզմանը բացին եւ ունայն գտան, նոյնպէս Մարիամի գերեզմանը դատարկ գտան:
Վերափոխման տօնը մուտք գործած է Հայաստան աշխարհ Սուրբ Բարթողիմէոս Առաքեալի ճամբով, եւ հաստատուած է Սուրբ Լուսաւորիչ Հայրապետի կողմէ: Զաքարիա կաթողիկոս, իր կարգին՝ Տօնը կարգեց 15 Օգոստոսին: Հայ Եկեղեցին, իր Առաքելական դիմագիծը պահելով, Վերափոխման տօնը կը նշէ 12-էն 18 Օգոստոս միջեւ զուգադիպող Կիրակին, մեծավայել հանդիսաւորութեամբ տօնելու
այս տաղաւարը։
Ամէն տարի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը կ’ուղղէ ողջ հայութեան Կաթողիկոսարանի պատկանող Սուրբ Աստուածածնայ վանքէն (Պիքֆայա), յիշեցնելով թէ Վերափոխման տօնը սովորական տօն մը չէ, եւ չի կրնար ըլլալ, եւ այս Վերափոխումը սոսկ փոխադրութիւն մը չէ, այլ ունի իր կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ՝ իբր քրիստոնեաներ եւ յատկապէս՝ հայեր:
Տիրամայրը, իր օրհներգութեան ընդմէջէն, ցոյց կու տայ հեզութեան կարեւորութիւնը. ուստի կ’ըսէ. «Ան տեսաւ իր աղախինին հեզութիւնը» (Ղկ 1.48): Այս պատճառով է, որ Մարիամի հոգին կը ցնծայ Աստուծոյ ընտրեալը ըլլալով: Աղախինը այսօ՛ր Թագուհի է։ Բոլոր ազգերը երանի կու տան իրեն եւ պիտի տան յաւիտեան, ինչպէս կ’ըսէ Մարիամ:
Սուրբ Մարիամ ուխտեալ մը ըլլալով հանդերձ, ինքզինք ուզեց ամբողջովին նուիրել եւ յանձնել Աստուծոյ։ Իբր խնկի ծառ՝ սերմանուած ու ցանուած Աստուծոյ անդաստանին մէջ, ծաղկած եւ մշտադալար ծաղիկներով։ Ան անուշահոտ խունկի նման իր աղօթքները կը մատուցանէ Աստուծոյ բուրաստանին մէջ: Սուրբ Կոյս Մարիամ, որպէս տիպար Քրիստոնեայ, այսօր, մեր օրինակն է: Ինք ոչ միայն երկրի վրայ տիպար մըն է, այլ վերին Երուսաղէմի տիպար քաղաքացին։ Ուստի պարտաւոր ենք իր օրինակին հետեւիլ։ Իրմէ կը սորվինք՝ աղօթելը սովորութեան վերածել եւ մեր անձերը նուիրել Հօր Աստուծոյ։
Մարիամ ինք համարձակօրէն յայտարարեց հրեշտակին. թող Աստուծոյ կամքը ըլլայ, եւ ըսաւ՝ «ես անոր աղախինն եմ»: Իսկ մենք, այսօր, դժբախտաբար համարձակութիւնը ունինք Աստուծոյ ծրագրին դէմ ընդվզելու եւ անմտօրէն կը փորձենք Աստուծոյ գծած ճանապարհէն հեռանալ, ուրիշ ճամբայ մը որոնելու յանդգնութեամբ: Մարդիկ շատ անգամ կը մերժեն ընդունիլ թէ Աստուծոյ ծառան են, այլ կ’ուզեն, որ իրենք իրենց կեանքի թագաւորները ըլլան: Այդպիսիներ, ի զուր կը գծեն իրենց կեանքի ուղին, առանց կարեւորութիւն տալու Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին: Ինչպէ՞ս կարելի է մեր կեանքին նաւերը ուղղել առանց «Նաւապետ Բարի»ին, որովհետեւ միայն ինքն է, որ կրնայ մեզի «խաղաղ նաւահանգիստ» հասցնել: Ուրեմն, թոյլ տանք մենք մեզի իմանալու մեր տկար բնութիւնը, համոզուելով, մեր ձայնը Մարիամի ձայնին միացնելով մենք ալ ըսենք՝ թող ըլլայ քու կամքդ», այն յոյսով, որ օր մը, Սուրբ Մարիամի բարեխօսութեամբ, մեր հոգիները արժանանան յաւիտենական կեանքին: Նաեւ, թոյլ տանք, որ Աստուծոյ ծրագիրը կատարուի։ Ապրինք յոյսով, որովհետեւ ան բնաւ ամօթով չի ձգեր, ինչպէս կ’ըսէ Պօղոս Առաքեալ: Այդ յոյսով կարելի է երկնային լոյս խորան մտնել:
Մարիամ սրբութեան մայրը, հեզութեան առաքինութիւնը մարմնաւորելով բոլորիս կենդանի օրինակ դարձաւ: Մեր պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է սորվիլ ու սորվեցնել հեզութեան տեղն ու դերը մեր կեանքէն ներս։ Հեզութիւնը, որ Աստուծոյ կը մօտեցնէ եւ հոգիները կ’ազնուացնէ։ Հեզութիւնը, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւած շնորհքներէն է: Որուն միջոցաւ Սուրբ Կոյսը կրցաւ ինքզինք նուիրագործել եւ հեռանալ բոլոր երկրային ցանկութիւններէն, այսպիսով շարականագիրին կողմէ կոչուեցաւ «Ամպ թեթեւ»:
Մարիամ իր երկրաւոր կեանքին մէջ իր մէջքին գօտի կապեց, որ կը խորհրդանշէ ժուժկալ ըլլալ, այսինքն՝ աշխարհի ցանկութիւններէն հրաժարիլ։ Այսօր, Աստուածամայրը Վերափոխումով, երկնակամարին գօտիին վրայ, Իր ամպ հովանին տարածեց: Մենք ալ, մեծարանքով մօտենանք Իրեն, խնդրելով, որ մեզի պատսպարէ իր հովանիին ներքեւ։
Աստուածամայրը կոչուած է՝ «Մորենի Անկիզելի», այն մորենին, որ պարփակեց Սուրբ հոգիին կրակը՝ առանց սպառելու, եւ զայն դարձուց «Անապական Տաճար»՝ Սուրբ Հոգիին կրակով մաքրուած: եկէք հեզութեամբ մօտենանք եւ պատրաստ ըլլանք հոգեպէս ընդունելու Սուրբ Հոգին, որուն միջոցաւ պիտի առաջնորդուինք, ինչպէս Մարիամ առաջնորդուեցաւ դէպի երկինք եւ կոչուեցաւ՝ «անդատապարտ շառաւիղ»: Ահա այս ճանապարհը գծեց Մարիամ իր կեանքով, որուն միջոցաւ մենք ալ կրնանք արդարանալ:
«Մեղքի փուշերէ մաքուր անդաստան» անուանուեցաւ, որպէսզի մեր աղօթքներով ակոսներ բանանք, ցանենք ու սերմանենք մեր ըղձանքները՝ փափաքները եւ ջրենք զայն մեր մեղքերու արտասուքով: Տիրամօր այս անդաստանը, պարարտ հողի նման, բացարձակապէս չի զլանար եւ չի մերժեր իրեն պատկառողները: Ինչպէս Յիսուս իր մօր խնդրանքը կատարեց Կանայի Հարսանիքին ընթացքին, այնպէս ալ Սուրբ Կոյս Մարիամ պիտի մատուցէ մեր խնդրանքները իր Որդիին։
Մեր հաւատքի խարիսխները ամրակուռ ձեւով հաստատենք Աստուածամօր բարեխօսութեան վրայ, որովհետեւ ան հրաշագործ այն Մայրն է, որ մեր փափաքները կ’իրականացնէ, մեր հիւանդութիւնները կը բժշկէ, մեր վէրքերուն բալասանը կը դառնայ, «զբոլորից փրկութեան Մայր» կոչուելուն համար: Ան ո՛չ միայն Տիրոջ Մայրն է, այլ զրկեալին, բանտարկեալին, աղքատին եւ կարիքաւորին:
Եկէ՛ք, այս Սուրբ տօնին առիթով մտնենք «երկնային լոյսի խորանը» եւ մեր սրտաբուխ աղօթքներով խնդրելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը: Այս տօնը լաւագոյն առիթն է, որ մեր ուխտերը նորոգենք ուխտապահ Տիրամօր հետ, որ Նոր Ուխտի միջնորդին մայրն է: Աղաչենք Իրեն նաեւ, որ մեր ննջեցեալներուն հոգիները լուսաւորէ, իր հետը զանոնք փոխադրելով երկնքի արքայութիւն: Ընդունինք, որ Մարիամ, իբր «Կենդանի Տապանակ», բարեխօս եւ վկայ պիտի ըլլայ, Քրիստոսի դիմաց, մեր անունները Կեանքի գիրքին մէջ գրելու:
Այսօր տօնն է ուրախութեան։ Տօնն է Աստուածամօր Վերափոխման խորհուրդով մխիթարուելու։ Հետեւաբար, վերանորոգենք մեր ուխտը առաքինազարդ եւ Աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելու համար։

ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄ