Իսկապէ՛ս, որ Նորգիւղը մեզի համար փոքր Հայաստան մըն էր: Մեր թաղերուն մէջ ապրող երկու արաբ ընտանիքներուն երեխաները մեզի պէս հայերէն կը խօսէին, եւ մենք ուշ իմացանք, որ անոնք հայ չէին: Այն աստիճան մեր սեփականութիւնը կը նկատէինք այս թաղամասը, որ մանկական չարութեամբ, երբեմն մեր թաղէն անցնող այլազգի դպրոցականներուն արգելք կը հանդիսանայինք եւ իրենցմէ «ազատ անցումի տուրք» կը պահանջէինք, ստիպելով որ իրենց գրպանին մէջի եղածներէն մեզի բաժին հանեն: Թութի շրջանին, էշը առջեւ ձգած, թաղէ- թաղ դեգերող իշապանը բարձրաձայն «Եալլա թութ, եալլա թութ, աղուոր չէ՜, աղուոր չէ՜» կը կանչէր. Թաղի երեխաները անոր խնդրանքին որպէս պատասխան, չարաճճիութեամբ այդպէս թարգմանած էին եւ մարդը տարիներով նոյն կանչով կը պտտէր, առանց ականջ կախելու սրբագրողներուն, եւ հաւատացէք այդ ձեւով աւելի գնորդ կ’ունենար:
Ինչպէ՞ս Հայաստան չէր Նորգիւղը, երբ հայկական էր ամէն ինչ՝ շատ քիչ բացառութեամբ իր արաբ բնակիչներով, հայապատկան խանութներով եւ գործատեղիներով, փուռերով եւ սրճարաններով : Երբ Նորգիւղի մէջ էին ՔԵ Ճեմարանը, Զաւարեան, Սահակեան, Մեսրոպեան, Վարդանանց եւ Նորգիւղի Կիլիկեան վարժարանները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Գէորգ, Ս. Երրորդութիւն – (Զուարթնոց) եւ Յիսուսեաններու եկեղեցիները, Կիւլպէնկեան մայրանոցը, Վասպուրական ակումբը, Զէյթունցիներու ակումբը, Նաւասարդ մարզադաշտը, ՍՕԽ-ի դարմանատունը, Վարանդեան գրադարանը, քիչ անդին՝ Ովասիս լողաւազանը, «Պոսթան Փաշայի» Հայ Ծերանոցը…
Կրնա՞ք պատկերացնել թուրքի եաթաղանէն հազիւ ճողոպրած հայու խլեակներ, որոնք Մեծ Եղեռնէն հազիւ քանի մը տասնամեակ ետք, իրենց սեփական ուժերով յաջողեցան ստեղծել այս բոլորը:
Եւ մենք կը մեծնայինք այդ գիտակցութեամբ: Անշուշտ իրար յաջորդող Սուրիոյ իշխանութիւնները բարի աչքով կը նայէին մեզի եւ սուրիական անձնագիրներ շնորհելէ ետք, որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ, բանակին եւ խորհրդարանին մէջ ալ ունեցանք մեր ներկայացուցիչները, որոնք ծառայելով սուրիական հայրենիքին, հայու պատիւը բարձր պահեցին եւ արժանացան բոլորին բարձր գնահատանքին:
Քիչ բացառութիւններով աղքատիկ Նորգիւղը այնպիսի մտաւորական, որակաւոր մարդիկ հանեց իր ծոցէն, որոնք աշխարհով մէկ տարածուեցան եւ ազգային, եկեղեցական, կրթական, մարզական, արուեստի ու գրականութեան բնագաւառներուն մէջ փայլեցան:
Մեծ է թիւը անոնց, չեմ ուզեր փորձութեան մէջ իյնալ եւ յիշել անուններ, յանկարծ կարեւոր անուն մը մոռնալու յանցանքին մէջ չիյնալու համար: Վստահ եմ, տարեց նորգիւղցիներ անմիջապէս պիտի մտաբերեն իրենց ծանօթ անունները:
Յարգանք այդ հոյլի մահացածներուն յիշատակին եւ ցարդ ապրողներուն:
Անուններ ըսի եւ յիշեցի որ Նորգիւղի մէջ շատեր իրենց իսկական անուններուն կողքին «շահած» էին նաեւ կեղծանուններ ալ, որոնցմով կը ճանչցուէին, աւելի քան իրենց իսկական անուն-մականուններով, ինչպէս՝ բոլորին ծանօթ «Լանղըր Եախուպը», թաղապետ «Փարթըխ Միսաքը», նշանաւոր վաճառատան «Թիք-Թաք Հայկազը», նման ուրիշ վաճառատան մը հիմնադիրներ՝ «Շաշոները», մրգավաճառ, «Չօլախ Անդրանիկը», մսավաճառ «Ղասսապ Յակոբը», հնահաւաք եւ դերասան, թատրոնի երկրպագու «Պախխալ Խորէնը», որուն խանութը փոքր ակումբ մըն էր ազգային եւ թատերական հարցերու քննարկման վայր. ապա՝ «Փաչաճի Տիգրանը», «Թախթաճի Պետրոսը», պաղպաղակավաճառ «Հայաստանցին»… ո՞ր մէկը յիշեմ:
Պաղպաղակավաճառ ըսի, անպայման յիշելու եմ ոչ հայ նշանաւոր պաղպաղակ եւ անուշեղէնի տեսակներ պատրաստող «Կիւզալ Ահմատը»… որուն այդ անունով կնքած էին հայ կանայք, որովհետեւ այդ գիրուկ, հսկայամարմին մարդը կարմրաթուշ էր եւ գեղադէմ:
Նորգիւղի պատմութիւնները հատորներ կրնան լեցնել: Հանգ. Յակոբ Ադամեանը բաւական պատմուածքներ ունի Նորգիւղի մասին, որոնք հրատարակուած են Ծառուկեանի «Նայիրի»ին մէջ, ապա ամփոփուած երկու գիրքերու մէջ: Ես ալ, իմ կարգիս շարք մը պատմուածքներով փորձած եմ վերակենդանացնել Նորգիւղը, որ անսպառ շտեմարան է յիշատակներու:
Յակոբ Միքայէլեան