ԻՆՉԵ՞Ր ԸՍԱԾ ԷԻՆ ՕՇԱԿԱՆ ՈՒ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Շահան Պէրպէրեանի մասին արտայայտուած են շատեր՝ թէ՛ իր ժամանակակիցներէն, թէ՛ իր աշակերտներէն։ Պիտի կեդրոնանամ սակայն երկու անուններու վրայ,- Յակոբ Օշական եւ Անդրանիկ Ծառուկեան։

Օշական տարիքով աւելի մեծ էր, քան Պէրպէրեանը։ Բայց անոնք ժամանակակից մտաւորականներ էին, ապրած ու շնչած էին Պոլսոյ հայկական եզակի մթնոլորտը, շրջապատուած՝ մեծաթիւ գրողներով ու երեւելի դէմքերով։

Ճակատագիրը այնպէս տնօրինեց, որ Օշական ու Պէրպէրեան զոհ չերթան Մեծ Եղեռնի եաթաղանին։ Օշական ծպտեալ Պուլկարիա փախաւ, իսկ Պէրպէրեան ,- բացառիկ բախտաւորութիւն,- չձերբակալուեցաւ կամ չաքսորուեցաւ առհասարակ։ Զինադադարէն ետք՝ երկուքն ալ մաս կազմեցին Պոլսոյ այն կարճատեւ եռեւեփուն զարթօնքին, որ կը միտէր շտկել մէջքը հայութեան եւ յոյս ներշնչել անոր։ Այդ օրերուն է, 1922 Յունուարին, որ սկսաւ հրատարակուիլ «Բարձրավանք»հանդէսը, որուն խմբագրութեան մաս կազմեցին Օշական ու Շ. Պէրպէրեան՝ Թէքէեանի, Կոստան Զարեանի ու Գեղամ Գավաֆեանի հետ միատեղ։ Այս որակաւոր հանդէսէն լոյս ընծայուեցաւ լոկ հինգ թիւ։

Աւելի քան տասնամեակ մը յետոյ, երկու վաղեմի բարեկամները զիրար գտան Երուսաղէմի մէջ, Սրբոց Յակոբեանց վանքին շուքին տակ, ուր միասնաբար լծուեցան կրթական արգասաբեր վարուցանի մը, ինչպէս նշեցինք արդէն։

Անոնք որոնք ի ձեռին ունին Օշականի «Հայ գրականութիւն»հաստափոր դասագիրքը, զարմանքով պիտի նկատեն, որ այնտեղ, «Անմիջական գրականութիւն. 1922-1940»գլուխին տակ, յետ-եղեռնեան երեք տասնեակ գրողներու շարքին, հեղինակը պատուոյ տեղ տուած է նաեւ Շահան Պէրպէրեանին, արտատպելով«Մարդը» խորագրեալ անոր կարճ մէկ ակնարկը Թորգոմ պատրիարքի մասին։

Դժուարահաճ Օշականի այս «հիւրընկալութիւն»ը իրապէս զարմանալի է, որովհետեւ Շ. Պէրպէրեան գեղարուեստական գրականութիւն գրեթէ չէ մշակած, հակառակ արուեստի իր խոր հասկացողութեան եւ հակառակ արուեստագէտի իր շեշտուած խառնուածքին։ Այնուհանդերձ, Օշական ներառած է Պէրպէրեանը իր պատկառելի դասագիրքին մէջ, զայն բնորոշելով միայն երկու բառով.-«Եզակի արժէք»։

Այս երկու բառերը, ահաւասիկ, պատճառ դարձած են, որ ոմանք տրտնջան ու քրթմնջեն.«Ի՞նչ գործ ունի իմաստասէր Պէրպէրեանը՝ Համաստեղի, Մնձուրիի, Բենիամին Նուրիկեանի, Շահնուրի կամ Վահէ-Վահեանի նման գրողներու շարքին…։ Մեծն Օշական տո՞ւրք տուած է իր բարեկամին»։

Անդրանիկ Ծառուկեանն է որ կ’անդրադառնայ այս երեւոյթին ու կը պատմէ որ առիթով մը ինք անձամբ հարց տուաւ Օշականին, թէ ինչո՞ւ Պէրպէրեանը տեղ գտած էր իր դասագրքին մէջ. ի՞նչ գրած էր ան կամ ի՞նչ տուած։

Օշական գլուխը ցնցեր է ու բաւարարուեր է հետեւեալ պատասխանով.«Դուն Շահանը չես ճանչնար»։

Ու Ծառուկեան կը շարունակէ պատմել.

-Ճակատագիրը  այնպէս ուզեց, որ Շահանը ՃԱՆՉՆԱՆՔ Օշականի … դագաղին վրայ։ Եկած էր Գարեգին Վեհափառը ներկայացնելու «ալեւոր գրագէտ»ին թաղման։ Ու հոյակապ դամբանականով մը վերլուծեց Օշականի գրականութիւնը, մասնաւորաբար անոր քննադատական գործին ձգտումները, իմաստը, ոգին։ Քսան վայրկեանի մէջ Շահան Պէրպէրեան բանաձեւեց հեղեղային գրական վաստակի մը նկարագիրը, պարզեց՝ յստակ եւ անթերի  ոճով, երբ ուրիշներ չէին յաջողած ընել այդ բանը քսան տարիներէ իվեր…(տե՛ս «Նայիրի» շաբաթաթերթ, 28 Հոկտ. 1956)։

Ի դէպ, վերի մէջբերումը հատուած մըն է միայն այն խիստ շահեկան մահագրականէն, զոր գրի առած ու հրատարակած էր Ծառուկեան իր թերթին մէջ, Պէրպէրեանի մահուան առիթով։ Այստեղ, Ծառուկեան ի՛նք ալ այլեւս կը թուի համոզուած ըլլալ, թէ Շ. Պէրպէրեան կրնար ժամանակակից հայ գրականութեան տիրապետող դէմքերէն մէկը դառնալ՝ եթէ…ստեղծագործէր։ Բայց իմաստասիրութեան մեր քրմապետը գրեթէ չէր գրեր, կամ քիչ կը գրէր.

-Քիչ կը գրէր, բայց ինչ որ գրէր՝ կ’ուզէր որ ըլլայ վերջնական եւ անթերի։ Իր ստորագրութիւնը կրող որեւէ գրութեան մէջ  չէք կրնար գտնել փոփոխելի բառ մը, նոյնիսկ քերականական եւ կէտադրական ամէնէն աննշան անփութութիւնը։ Ճարտար ոսկերիչի մը պէս՝ կը յղկէր բառերը, կը բիւրեղացնէր մտածումները, կը խնամէր արտայայտչական ձեւերը։ Կը նմանէր միշտ մաքուր եւ կոկիկ հագուող այն մարդոց, որոնք ոչ իսկ փոշի մը կրնան հանդուրժել իրենց հագուստին վրայ ու այնքան հոգ կը տանին իրենց յարդարանքին եւ բարեձեւութեան, կը քալեն այնպէս զգուշաւոր եւ ճշդուած շարժուձեւերով՝ որ կարծէք քալելը տեղ մը հասնելու գործողութիւն մը չէ այլեւս իրենց համար, այլ ինքնին նպատակ մը…(Ա.Ծ.,«Նայիրի», նոյն թիւը)։

50-ԱՄԵԱԿ ՄԸ՝…ԱՐՏԱՇԷՍ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ

Գիտեմ, որ աննշան ու արհամարհելի 50-ամեակի մը մասին է խօսքը։

50-ամեակը՝ հազիւ հարիւր էջանի բարակ գիրքի մը, զոր պատրաստեց ու հրատարակեց լիբանանահայ մատենագէտ ու մամուլի հետազօտիչ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան (1931-1993) ճի՛շդ կէս դար առաջ, 1969-ին, Պէյրութ։

Գիրքը կը կոչուէր «Շահան Ռ. Պէրպէրեան. կենսագրութիւն եւ մատենագիտութիւն»։ Հեղինակը այստեղ բծախնդրօրէն մէկտեղած էր իր ժողված այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք կ’առնչուէին Պէրպէրեանի կենսագրութեան, կրթական ու մշակութային վաստակին, մամուլի մէջ («Ոստան», «Սիոն», «Զուարթնոց», «Անդաստան», «Անի»եւ այլն) անոր հրատարակած յօդուածներուն, ինչպէս նաեւ՝ այլոց կողմէ անոր մասին գրուած վկայութիւններու։

Ես այս «ճղճիմ» յիսնամեակը կը յիշատակեմ կարեւորութեամբ ու երախտիքով։

Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, մշեցի ծնողներու զաւակ, Անթիլիասի Դպրեվանքը ուսանած էր 1945-49 եւ ուստի՝ աշակերտած էր Պէրպէրեանին։ Ան իր այս գիրքով դարձաւ այն երախտագէտ աշակերտը, որ ո՛չ միայն իր ուսուցչին առաջին ընդարձակ կենսագրութիւնը պատրաստած եղաւ, այլեւ ճամբայ հարթեց անոր իմացական վաստակը ՏՊԱԳԻՐ ԽՕՍՔԻ վերածելու գաղափարին ու շարժումին։

Ահա հո՛ս կը կայանայ վերոնշեալ 50-ամեակին կարեւորութիւնը։

Արդարեւ, այդ նոյն 1969-ին, արդէն տասներեք տարի անցեր էր Պէրպէրեանի մահուան թուականէն։ Մեծանուն իմաստասէրին անունով հրատարակուած գիրքեր չկային հրապարակի վրայ, բացի պարագայաբար լոյս ընծայուած քանի մը բարակուկ պրակներէ, որոնք բացարձակապէս անբաւարար էին ցոլացնելու անոր իմացական մեծղի վաստակն ու անսպառ գիտութիւնը։ Եւ գլխաւոր հարցն այն էր՝ որ Պէրպէրեան ԱՆՏԻՊ ԷՋԵՐ ալ չունէր։

Բայց…կային Անթիլիասի իր աշակերտներուն ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐԸ, գեղեցկօրէն ու օրինակելի ջանադրութեամբ արձանագրուած դպրոցական տետրակներու մէջ։ Ասոնք հարազատ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ու համադրումներն էին Պէրպէրեանի իմաստասիրական ու հոգեբանական դասախօսութիւններուն, դասատուութիւններուն։ Փրկարար լաստե՜ր։ Հարկ էր զանո՛նք խմբագրել ու հրատարակել։ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան ա՛յդ է որ կ’առաջարկէր։

Վերոյիշեալ իր գիրքին մէջ ան Պէրպէրեանը կը բնութագրէր հետեւեալ բաբախուն տողերով.

-Հմուտ էր բառին իսկական առումով։ Տեղեակ էր հոգեբանութեան, ընկերաբանութեան, բնազանցութեան, տրամաբանութեան, բարոյագիտութեան եւ այլն։ Եւ տակաւին տեղեակ էր աւագ արուեստի վեց ճւղերուն – երաժշտութիւն, քանդակագործութիւն, պարարուեստ կամ թատերապար, գրականութիւն (մասնաւորաբար հայ եւ ֆրանսական գրականութիւն), ճարտարապետութիւն եւ նկարչութիւն։ Կրցած էր ամբարել ո՛չ միայն տեսական ծանօթութիւններ, այլ նաեւ օժտուած էր զանոնք գործնականապէս բեմադրելու, արտասանելու եւ յօրինելու ձիրքերով։ Զարմանալի պարագայ՝ մեր ներկայ դարուն, երբ գիտութիւններն ու արուեստները  այնքան ընդարձակած են իրենց սահմանները, գտնել տակաւին մարդ մը, որ կարենայ յաջող կերպով համադրել զանոնք՝ առանց մակերեսայնութեան։  Եթէ ուզենք զայն նմանցնել հին դարերէն դէմքի մը, անվարան այն պիտի ըլլար Արիստոտէլը։ Անոր պէս կը նմանէր մարդկային քալող համայնագիտարանի մը։

Տէր Խաչատուրեան այնուհետեւ կը յիշեցնէր.

-Սոկրատ եւ Յիսուս անմահացած են՝ որովհետեւ ունեցած են երախտապարտ աշակերտներ, որոնք ուզած են փրկել իրենց մեծ Ուսուցիչներուն թողօնները։ Սակայն Շ. Պէրպէրեանին զլացուեցաւ այդ բարիքը եւ ան ցարդ կը մնայ ծանօթ անծանօթը։ Անձի մը ծանօթացումը կապ ունի այդ անձին գործին արժեւորումին, հրատարակութեան ու վերահրատարակութեան հետ։

Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի միտք բանին ուրիշ բան չէր ուրեմն, եթէ ոչ՝ ազդանշան մը տալ (առ որ անկ է), ձեռնամուխ ըլլալու Շահան Պէրպէրեանի գործերուն հրատարակութեան։

Եւ բարեբախտաբար, այդ ազդանշանին արձագանգը չուշացաւ։

շարունակելի- 5
Լեւոն Շառոյեան