ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ՍԷՆԹ ԼՈՒԻՍԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
Հայաստանի առաջատար ճատրակ խաղացող Լեւոն Արոնեան Grand Chess Tour-ի շարքի Սէնթ Լուիսի մրցաշարքին դարձաւ արագ եւ կայծակնային ճատրակի մրցաշարքերու մրցանակակիր: Եզրափակիչ մրցումին օրը Արոնեան արձանագրեց երեք յաղթանակ, չորս հաւասարութիւն եւ կրեց 2 պարտութիւն: Մրցաշարքի աւարտին հայ մարզիկը վաստկեց 22 կէտ: Երկրորդ տեղը գրաւեց չինացի Թին Լիժենը, իսկ երրորդ տեղը ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լագրաւը։ Սէնթ Լուիսի մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 150 հազար ամերիկեան տոլար։
ԱՐԱՐԱՏ ԱՐՄԷՆԻԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ՎՐԱՑԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ
Ֆութպոլի Հայաստանի ախոյեան Երեւանի «Արարատ-Արմէնիա» հասաւ «Իւրոփա-լիկ»ի չորրորդ փուլ, պարտութեան մատնելով Վրաստանի ախոյեան Սապուրթալօն: Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած դարձի մրցումին, Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը կրցաւ 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնել հիւրընկալ խումբը: 10-րդ վայրկեանին հոլանտացի Ֆուրջըլ Նարսինքի փոխանցումով, խաղի առաջին յաղթանակը նշանակեց ռուս յարձակող Անտոն Կոպեալկոնը, իսկ 67-րդ վայրկեանին հայ կիսապաշտպան Պետրոս Աւետիսեանը տուգանային հարուածով նշանակեց Արարատի երկրորդ կոլը: Յիշենք, որ երթի մրցումին Արարատ պարտուած էր 2 – 1 արդիւնքով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՓԱՐԻԶ-ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆ ՆԷՅՄԱՐԻ ՓՈԽԱՐԻՆՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ ՏՈՒԱՒ ՌԷԱԼԻՆ
Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանի ղեկավարները կը շարունակեն իրենց ճնշումները բանեցնել սպանական երկու լաւագոյն ակումբներուն՝ Ռէալ Մատրիտին եւ Պարսելոնային վրայ: Ըստ սպանական AS թերթին, ֆրանսական ակումբը Ռէալ Մատրիտին առաջարկած է զիչիլ Վինիսիուս Ժունիըրը եւ Ռաֆայէլ Վարանը, փոխարէնը ստանալ Նէյմարը։ Թերթը նաեւ յիշած է, որ Ռէալի ղեկավարները յայտնած են, թէ յիշեալ զոյգ խաղացողները անփոխարինելի են, եւ ակումբը կարիքը ունի անոնց ներկայութեան: Յառաջիկայ օրերուն կը սպասուի, որ Ֆլօրենթինօ Փերէզ աշխուժացնէ բանակցութիւնները, փարիզեան ակումբին ներկայացնելով Խամէսի եւ Քայլըր Նաւասի անունները: Անպաշտօն լուրերու համաձայն Քարիմ Պէնզէմայի եւ Իսկի անունները եւս շրջանառութեան մէջ են, սակայն սոյն խաղացողներուն սպանական ակումբէն հեռանալու հաւանականութիւնը շատ քիչ է:
ՄԷԿ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔՈԹԻՆԻՈՆ ՄԻԱՑԱՒ ՊԱՅԷՐՆ ՄԻՈՒՆԻԽԻՆ
Պարսելոնայի ղեկավարներէն Քիլերմօ Ամոր հաստատեց, որ խումբի պրազիլցի կիսապաշտպան Ֆիլիփ Քոթինիօ յառաջիկայ տարեշրջանին մէկ տարուան համար տեղափոխուեցաւ գերմանական Պայերն Միունիխ: Սպանիոյ ախոյեանութեան առաջին փուլի մրցումներու ընթացքին բացակայեցաւ Քոթինիոն: Յիշենք, որ Յունուար 2018-ին Քոթինիոն Լիվըրփուլէն մեկնելով միացաւ Պարսելոնային՝ փոխան 145 միլիոն եւրոյի: Ան 76 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 21 կոլ եւ կատարած 11 կոլերու փոխանցում: Անոր պայմանագիրը սպանական խումբին հետ վերջ կը գտնէ 2023-ին:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ՍԿՍԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Վերջին տասնմէկ տարիներու ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան պարտութեամբ կը սկսի ախոյեանութեան մրցաշրջանը, 1 – 0 արդիւնքով զիջելով Աթլեթիքօ Պիլպաուին: Յիշենք, որ 2008 – 2009 տարեշրջանի առաջին մրցումին Պարսելոնան 1- 0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Նոմանսիա խումբէն: Մրցումին ընթացքին Պարսելոնան տիրապետեց խաղարկութեան, բայց անոր բոլոր յարձակումները աւարտին հասան ապարդիւն: Խումբը տուժեց արժանթինցի խաղացող Լիոնէլ Մեսսիի բացակայութենէն, իսկ Լուիս Սուարէզ վիրաւոր վիճակի մէջ հեռացաւ դաշտէն: Երկրորդ կիսախաղին, Պիլպաուի մարզիկները կրցան տիրել դաշտին եւ վտանգի ենթարկել Շթէնկէնի դարպասը: 89-րդ վայրկեանին Արէթզ Ատօրիզ գեղեցիկ հարուածով մը ցնցեց քաթալոնացիներուն դարպասը, եւ խումբին նուիրեց ախոյեանութեան առաջին երեք կոլերը: Մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը իր դաշտէն դուրս յաջողեցաւ 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնել Սէթլա Ֆիկոն: Մատրիտի կոլերը նշանակեցին Քարիմ Պէնզէման Թոնի Քըրսը եւ Ֆասքէսը 12-րդ, 61-րդ եւ 80-րդ վայրկեաններուն, իսկ հիւրընկալ կազմին կոլը արձանագրեց Լոսատան 91-րդ վայրկեանին:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան