ԿԻՏՐՈՆՈՎ ՋՈՒՐ ԽՄԵԼՈՒ ՏԱՍԸ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1-Առաւօտեան քաղցած մէկ գաւաթ կիտրոնով ջուր ըմպելը կը բարելաւէ մեր մարմնի նիւթափոխանակութեան համակարգը: Ան կ’աշխուժացնէ սնունդի իւրացման գործընթացը եւ կ’օգնէ ձերբազատուելու ստամոքսի այրուածքէն:
2-Կիտրոնի բոյրը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը: Ան կը հանգստացնէ անհատի ջիղերու համակարգը եւ կը հեռացնէ զայն վախի եւ տխրութեան զգացումներէն:
3- Կը նուազեցնէ սրտի հիւանդութիւններու առաջացման հաւանականութիւնը: Ան կը մաքրէ զարկերակներն ու արիւնը եւ կը բարելաւէ անօթներու պատերու առաձգականութիւնը:
4- Կիտրոնով ջուր խմելը հակաբորբոքային միջոց է: Շնորհիւ կիտրոնի պարունակած C կենսանիւթին, ան կը պայքարի վարակներու դէմ եւ կը բարձրացնէ օրկանիզմի պաշտպանական ուժը եւ կը նուազեցնէ փոխանցիկ հիւնադութիւններով վարակուելու հաւանականութիւնը:
5-Առաւօտեան կիտրոնով ջուր խմելը, ո՛չ միայն առողջութեան այլ գեղեցկութեան միջոց է: Մաքրելով մարմինը, կիտրոնով ջուրը զգալիօրէն կը գեղեցկացնէ մաշկի, մազերու եղունգներու տեսքը:
6-Ան կ’օգնէ որ նիհարնանք եւ կը վերահսկէ մեր ախորժակին:
7-Եթէ մարզանք կը կիրարկենք, պէտք է մեր սննդականոնին մէջ ներառենք կիտրոնի հիւթը, որովհետեւ ան կը չեզոքացնէ մկանի եւ յօդերու ցաւերը:
8-Մեր օրկանիզմը կը մաքրէ տոքսիններէ եւ կը հեռացնէ վնասակար նիւթերը:
9-Կ’ամրապնդէ մարմնի դիմադրողական համակարգը: Կիտրոնի հիւթը կենսանիւթերու եւ հանքանիւթերու հիանալի աղբիւր է, ան կը պարունակէ A, B, C. կենսանիւթեր, ֆոսֆոր, զինկ, երկաթ եւ քալսիոմ:
10-Կիտրոնը հակաօքսիտանդ է: Ան կը դանդաղեցնէ ծերութեան գործընթացը եւ կը պաշտպանէ քաղցկեղի առաջացման հաւանականութիւնը: Կիտրոնի ստեղծած բնական, թթուային միջավայրը բացասաբար կ’ազդէ քաղցկեղի բջիջներու առաջացման:
Ինչպէ՞ս պատրաստել կիտրոնով ջուր:
Կէս բնական կիտրոնի հիւթը աւելցնել մէկ գաւաթ գաղջ ջուրին եւ ըմպել առաւօտեան նախաճաշէն առաջ: Կարելի է նաեւ աւելցնել մէկ դգալ մեղր:
ՄԵՂՐՈՎ ԵՒ ԿԻՏՐՈՆՈՎ ԴԻՄԱԿ
Գեղեցիկ, երիտասարդ եւ գրաւիչ տեսք ունենալը իւրաքանչիւր կնոջ երազանքն է, այդ իսկ պատճառով անոնք յաճախ դիմայարդարման եւ վարսայարդարման սրահներ կ’այցելեն եւ երբեմն թանկարժէք քսուկներ կ’օգտագործեն իրենց մաշկը փայլուն պահելու համար: Սակայն, լաւագոյն արդիւնքի հասնելու համար պայման չէ մեծ գումար ծախսել, երբեմն հրաշալի դիմակներ եւ քսուկներ կարելի է ստանալ բնութեան պարգեւած պտուղներէ բանջարեղէնէ եւ բոյսերէ: Տան մէջ պատրաստուող լաւագոյն դիմակներէն մէկը կիտրոնի դիմակն է:
Կիտրոնի օգտակար յատկանիշները ծանօթ են արդէն։ Բացի առողջարար իր յատկանիշներէն, կիտրոնը բարերար ազդեցութիւն ունի նաեւ մաշկին վրայ: Ան երիտասարդ եւ մաքուր կը պահէ մաշկը, քանի որ մաշկին անհրաժեշտ բազմաթիւ տարրեր կը պարունակէ:
C կենսանիւթը կ’օգնէ էլաստինի եւ կալոժենի արտազատումին։
 A կենսանիւթը կը պայքարի բորբոքումներու եւ մաշկի ծերացումին դէմ։
 K կենսանիւթը կը վերացնէ կնճիռները։
Գեղեցկագիտական նիւթերուն մէջ կիտրոնը կ’օգտագործեն քանի մը նպատակներով։
1- Մաշկը ճերմկցնելու
2- Բշտիկներէն եւ մեռած բջիջներէն ձերբազատելու
3- Մաշկը թարմացնելու եւ անոր ծակտիկները գոցելու։
Ուշադրութի՛ւն. Կիտրոնի հիւթին չափազանցուած օգտագործումը կրնայ գրգռել մաշկը, այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է չափաւոր քանակով օգտագործել զայն, մորթին զգայնութեան եւ տեսակին համաձայն։
Կիտրոնի դիմակները օգտակար են մաշկի բոլոր տեսակներուն համար: Սակայն զգայուն եւ չոր մաշկ ունեցող կանայք պէտք է ուշադիր ըլլան եւ բաղադրութեան միշտ իւղոտ տարր (օրինակ՝ ձիթապտուղի ձէթ) աւելցնեն, որպէսզի չվնասեն դէմքին մաշկը:
Մեղրով եւ կիտրոնով դիմակ
Այս դիմակը մաքրող եւ երիտասարդացնող հրաշալի միջոց է: Դիմակը պատրաստելու համար կը պահանջուի.
-Մէկ կիտրոնի հիւթ
-2ճ/դգալ մեղր:
Ստացուած խառնուրդը պէտք է քսել դէմքին եւ 30 վայրկեան անց մաքրել գաղջ ջուրով:
Ուշադրութիւն: Այս դիմակը արգիլուած է օգտագործել բաղադրիչներէն որեւէ մէկուն հանդէպ զգայնութիւն ունեցող կանանց:
Պատրաստեց
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան