Փոքրիկ տաղանդները յայտնաբերելու լաւագոյն միջոցը բեմահարթակն է, ուր մանուկներուն երեւակայութիւնը թռիչք կ’առնէ ու կը սաւառնի հեռուն՝ դէպի անսահման հորիզոնները…
Համազգայինի «Լ. Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը հաւատալով միութեան ազգապահպան առաքելութեան, մանաւանդ առկայծ պահելու ու զարգացնելու հայ մշակոյթի եւ արուեստի սէրը մատղաշ սերունդին մէջ, կազմակերպած էր «ձիրքերու Երեկոյ» մը, որ տեղի ունեցաւ 26 Մարտ,2021-ին Կաթողիկէ «Ռաֆֆի Պասմաճեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ ծնողներու եւ ազգայիններու.։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բարձր գնահատեց ծնողներուն քաջալերանքն ու հետեւողականութիւնը՝ իրենց զաւակները ուղղելու Համազգային եւ հաղորդակից դարձնելու հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքներուն:
Քսան մասնակիցները՝ պատանիներ-մանուկներ, հերթով բեմ բարձրացան եւ անթերի կատարումներով ներկայացուցին արուեստի գեղեցիկ կտորներ ՝ երգ, նուագ, արտասանութիւն եւ անմահն Թումանեանէն երկու թատերգութիւն՝
«Ոսկու Կարաս» եւ «Բարեկենդան»:
Անոնք , մէյ-մէկ փայլուն աստղիկներ, ճառագայթեցին բեմին վրայ , կարծէք հեքիաթներու աշխարհէն պոկուած գոյնզգոյն թիթեռներ ըլլային, որոնք պահ մը կախարդեցին ու ակնկառոյց պահեցին հանդիսատեսը:
Մանուկները իրենց երազանքներուն յանձնուած լիաթոք երգեցին, արտասանեցին, նուագեցին ու հմտութեամբ կատարեցին իրենց դերերը՝ հմայքով եւ գոհունակութեամբ համակելով ներկաներուն հոգիները:
Վարչութիւնը ձեռնարկի աւարտին, “Աղօթենք Հայրենիքի խաղաղութեան համար” գաղափարը մարմնաւորող խորհրդանշական յուշանուէրներով պարգեւատրեց մասնակիցները, ապա վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Մելիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին ձեռնարկի յաջողութեան, նման ձեռնարկներ յաճախակի իրագործելու խոստումով: Բոլորին վարձքը կատար:
Սոնա Անտրեան
Դամասկոս