Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ապու Զապիի էմիրութեան գահաժառանգ Շէյխ Մուհամմէտ պըն Զայէտ ալ Նահեանի հետ։ Կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յարաբերութեան եւ գործակցութեան շուրջ։ Կողմերը զրուցեցին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումներուն շուրջ։