Երկուշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի ընդունեց ռուս-սուրիական բժշկական խորհուրդի պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ՝ տոքթ. Ֆատի Իսաուիի։ Ճաաֆարի յոյս յայտնեց, որ խորհուրդին նպատակները յաջողութեամբ պսակուին, շեշտը դնելով ռուս-սուրիական ամրակուռ յարաբերութիւններուն վրայ, թէ՛ պետական մահարդակով, եւ թէ՛ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ։ Ճաաֆարի նկատել տուաւ, որ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ յարաբերութիւնները օրերու ընթացքին ամրակուռ դարձան, իսկ ռուս-սուրիական բժշկական խորհուրդի կազմութիւնը կը ցոլացնէ երկու երկիրներուն յարաբերութեան արդիւնաւէտութիւնը։ Ճաաֆարի շեշտեց, որ տասնամեայ պատերազմէն ետք, տնտեսական պատժամիջոցներ դիմագրաւելով մէկտեղ, Սուրիա կը մնայ կայուն շնորհիւ իր խոհեմ ղեկավարութեան, ժողովուրդին պայքարին եւ Ռուսիոյ նման հաւատարիմ, բարեկամ երկիրներու, որոնք իրենց սկզբունքներէն մեկնելով եւ միջազգային օրէնքները յարգելով դրական յարաբերութիւն կը մշակեն նման երկիրներու հետ եւ կը զօրակցին անոնց։ Ճաաֆարի բարձր գնահատեց խորհուրդին աշխատանքը, որ մասամբ մը կը նպաստէ տնտեսական պատժամիջոցներու մեղմացման՝ բժշկական սարքաւորումներու տրամադրումով եւ բժիշկներու եւ դեղորայքի ապահովումով, յայտնելով նախարարութեան պատրաստակամութիւնը տարբեր օժանդակութիւններ տրամադրելու խորհուրդին։ Իր կարգին, պատուիրակութեան անդամներն ու նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեցին Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան զօրակցութեան համար։ Անոնք յայտնեցին, որ խորհուրդին նպատակն է հիւանդանոցներ եւ բժշկական կեդրոններ հաստատել ու Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ մշակութային եւ բժշկական փոխանակումները բազմապատկել։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Դամասկոսի մէջ ռուսական մշակութային կեդրոնի տնօրէն Նիքոլայ Սոխով։