ՀՀ Մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ «Մարդասիրական Ականազերծման Եւ Փորձագիտական Կեդրոն»ի ականազերծողները մաքրած եւ սուրիական իշխանութիւներուն յանձնած են ականազերծուած աւելի քան 880 հազար քառակուսի մեթր տարածք, իսկ բժշկական խումբը բուժօգնութիւն ցուցաբերած է 42 հազարէն աւելի տեղաբնակներու։ Այսպիսով, 23 Հոկտեմբեր 2021_ին Հալէպի մէջ տեղի ունեցած է մարդասիրական առաքելութեան կողմէ ականազերծուած տարածքներու յանձնումը Սուրիոյ Հալէպ նահանգի իշխանութիւններուն: 2 ականադաշտ՝ մօտաւորապէս 450 000 քառակուսի մեթր ընդհանուր մակերեսով շահագործման յանձնուած է Հալէպի իշխանութիւններուն: Ականազերծման աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած են աւելի քան 190 զինամթերք եւ ենթազինամթերք՝ հակահրասայլային եւ հակահետեւակային ականներ, հրետանային արկերու եւ օդային ռումբի մնացորդներ, ականներ եւ ինքնաշէն պայթուցիկ առարկաններ: Ընթացակարգին ստորագրուած են յանձնման-ընդունման վկայականները եւ Հալէպի իշխանութիւններուն յանձնուած են ականազերծուած տարածքներու քարտէզները: Արարողութեան ներկայ եղած են Հալէպի փոխնահանգապետ Քումէյթ Շէյխ Ասին, Հալէպի մէջ տեղակայուած ռուսական հաշտեցման կեդրոնի ղեկավարութիւնը, Հալէպ նահանգի իշխանութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ պաշտօնատար անձեր: Ողջունելով հիւրերը, խումբի ղեկավար Սերկօ Աւետիսեան համառօտ ներկայացուցած է կատարուած աշխատանքները եւ վստահութիւն յայտնած՝ անոնց շարունակականութեան մասին. – Ամրան սկսած աշխատանքներու հետեւանքով, նոյնիսկ համաճարակային սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ, հայ ականազերծողները միջազգային չափորոշիչներուն համապատասխան ականազերծած են մօտաւորապէս 45 հեքթար հողատարածք: Յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած են բազմաթիւ նռնակներ, տարբեր տրամաչափի փամփուշտներ, հակաթանկային եւ հակահետեւակային ականներ: Ողջունելով հիւրերը` փոխնահանգապետը կարեւոր համարած է կեդրոնի աշխատանքները եւ յոյս յայտնած, որ ականազերծման գործընթացի աշխուժացումը պիտի նպաստէ Հալէպի ժողովուրդի իրենց բնակավայրեր վերադարձին. – Ամէնամեայ ականազերծման աշխատանքներուն հետեւանքով գիւղատնտեսական կիրառման համար պիտանելի կը դառնան նորանոր հողատարածքներ, իսկ գլխաւոր առաւելութիւնը այն է, որ կը նուազի չվնասազերծուած զինամթերքի պայթումի հետեւանքով կարելի դժբախտ պատահարներու հաւանականութիւնը: Արարողութեան ընթացքին սուրիական կողմը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է եղբայրական ժողովուրդին՝ կեանքեր փրկելու եւ անմնացորդ աջակցութեան համար ու դիտել տուած է, որ այս մարդասիրական առաքելութիւնը անգամ մը եւս կ’ամրագրէ երկու ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութիւնը։