Չորեքշաբթի, 17 Մարտ 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի եւ Առաջին Տիկին Ասմա ալ Ասատի պսակաձեւ ժահրով վարակուելէն 9 օր ետք, քննութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, թէ անոնք սկսած են աստիճանաբար վերականգնել իրենց առողջութիւնը։ Ըստ բժշկական խմբակի տեղեկութիւններուն, անոնք հասած են բուժման վերջին փուլին։ Նախագահն ու Առաջին Տիկինը բնակարանէն կը հետեւին իրենց աշխատանքներուն: Անոնք անմիջապէս պիտի վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին՝ մեկուսացման շրջանի աւարտէն եւ PCR-ի վերջնական արդիւնքին հաստատումէն ետք։