Իւրաքանչիւր օդային յարձակումէ ետք, սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դիմադրելու բարձր կարողութիւն կը ցուցաբերէին եւ տարուէ տարի անոնց դիմադրականութիւնը կը զօրանար, հակառակ պատերազմի թոհուբոհին։ Սա հակառակորդ կողմերու լրատուամիջոցները մղեց հարց տալու թէ որքա՞ն արդիւնաւէտ են այսուհետեւ նման յարձակումները, երբ Սուրիան կարողութիւն ունի իր հողերուն դէմ արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը վար առնելու։ Այս առիթով Լիբանանցի զինուորական եւ ռազմավարական մասնագէտ զօրավար Ամին Հաթթաթ ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմի տարիներուն Սուրիա արձակուած հրթիռներուն 85%-ը յաջողեցաւ վար առնել եւ պարտութեան մատնել Իսրայէլը։