Հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեան 100 տարի առաջ` 15 Մարտին, գնդակահարեց Օսմանեան Կայսրութեան նախկին ներքին գործոց նախարար, Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր հրահրիչ եւ կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան: Երկուշաբթի, 15 Մարտ 2021-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խումբ մը ընկերներ այս առիթով այցելեցին Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանը եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոր առջեւ: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան այս առիթով յայտնեց, որ արժանապատիւ հայերով, թէեւ ոչ մեծաթիւ, հաւաքուած են իրենց յարգանքը մատուցելու ու խոնարհելու հայ ազգի վրիժառու բազուկի խորհրդանիշ հայորդիին յիշատակին դիմաց. «Ճիշդ 100 տարի առաջ այս օրը Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեան դիմահար կրակոցով գնդակահարեց Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործներէն մէկը` Թալէաթը: Այդ ճիւաղի գնդակահարումը արդարահատոյցն էր հայ ժողովուրդի կոտորածներու, հայրենազրկման ու տառապանքներուն», ըսաւ ան: Համբարձումեան դիտել տուաւ, որ 1919-ին Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը որոշեց վրէժխնդիր ըլլալ եւ հաշուեյարդար տեսնել Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներուն ու դաւաճաններուն նկատմամբ: Եւ, ի գործադրութիւն այդ որոշումին, ծրագրուեցաւ աննախընթաց գործողութիւն մը, որուն իբրեւ արդիւնք քանի մը տարիներու ընթացքին, բազմաթիւ նուիրեալ հայորդիներու ջանքերով, աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ոչնչացուեցան բազմաթիւ թուրք ոճրագործներ: Սողոմոն Թեհլիրեան այդ երիտասարդներէն մէկն էր, ըսաւ Արսէն Համաբարձումեան` աւելցնելով, որ ան դարձաւ խորհրդանիշը հայկական արդարահատոյցի: