Որե­ւէ աշ­խա­տան­քի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնը պա­հե­լը շատ կա­րե­ւոր քայլ է ոչ միայն մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ, այ­լեւ կեան­քի աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ:
Ճիշդ եւ առողջ սերն­դա­փո­խու­թիւնը էա­կան է: Նո­րե­կը շփում ու­նե­նա­նա­լու է մե­ծե­րուն հետ եւ փոր­ձա­ռու­թիւն շա­հե­լու:
Հա­լէ­պա­հայ գա­ղու­թը հա­րուստ է ձիր­քե­րով եւ ու­նա­կու­թիւն­նե­րով օժտ­ուած երի­տա­սարդ­նե­րով, որոնք կա­րիք ու­նին ցուց­մուն­քի: Թա­տե­րա­կան մեր կեան­քին մէջ այս մէ­կը մաս­նա­գի­տա­կա­նօ­րէն իրա­կա­նա­ցաւ՝ յան­ձին պա­րոն Էլ­իա Քաճ­մինիի: Հան­րա­ծա­նօթ անուն մը ոչ միայն սուր­ի­ա­կան թատ­րո­նին մէջ, այլ՝ ողջ արա­բա­կան աշ­խար­հին: Թատ­րո­նի երի­տա­սարդ ան­դամ­նե­րը երեք ամիս հե­տե­ւե­ցան դա­սըն­թաց­քի եւ ստա­ցան ճիշդ ու մաս­նա­գի­տա­կան ցուց­մունք­ներ դե­րա­սա­նա­կան կեանք իրենց մուտ­քին առի­թով: Կը հե­տե­ւէի իրենց դա­սա­պա­հե­րուն, ու­շադ­րու­թիւնս կը գրա­ւէր պա­տա­նի­նե­րուն կեդ­րո­նա­ցու­մը իրենց ար­տա­սա­նած իւ­րա­քան­չիւր բա­ռին եւ իւ­րա­քան­չիւր շար­ժու­ձե­ւին պա­րա­գա­յին:
Այս պա­տա­նի­նե­րը եւ իրենց պէս շա­տեր, որոնք կր­նան ծաղ­կիլ եթէ եր­կար ժա­մա­նա­կի վրայ բա­ւա­րար ցուց­մունք ստա­նան: Անոնք կը դառ­նան թա­տե­րա­կան կեան­քի մեր նո­րափ­թիթ ծա­ղիկ­նե­րը, որոնք կը զար­դա­րեն մեր մշա­կու­թա­յին եւ մա­նա­ւանդ թա­տե­րա­կան կեան­քը:
«Չորս Նմա­նակ Եղ­բայր­նե­րը» եղաւ իրենց աւար­տա­կան թէ­զը: Հոն՝ բե­մա­հար­թա­կին վրայ, անոնք ցոյց տուին տար­բե­րու­թիւնը մարզ­ուած դե­րա­կա­տա­րին եւ սի­րո­ղա­կա­նին:
Թա­տե­րա­կան կեան­քի պա­տա­նի սե­րուն­դի պատ­րաս­տու­թեան մէջ կա­րե­ւոր է նա­եւ նիւ­թե­րու ճշգ­րիտ ընտ­րու­թիւնը: Օրի­նակ թա­տեր­գու­թիւնը, այս պա­րա­գա­յին, նա­խընտ­րե­լի է որ ու­նե­նայ ու­րախ կամ բա­րո­յա­խօ­սա­կան պատ­գամ մը փո­խան­ցող աւարտ, ինչ որ կա­րե­ւոր է պա­տանի­ին հո­գե­կան աշ­խար­հին հա­մար:
«Չորս Նմա­նակ Եղ­բայր­նե­րը» թատ­րո­նին մէջ մենք տե­սանք, թէ ինչ­պէ՛ս նոյն մօր­մէն ու հօր­մէն ծնած նմա­նակ­նե­րը ինչ­քան իրար­մէ կը տար­բե­րէ­ին, թէ­եւ տես­քով նման էին, սա­կայն չորս տար­բեր նկա­րա­գիր­ներ կ’ար­տա­ցո­լէ­ին: Հիմ­նա­կան պատ­գա­մը աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ եւ ճակ­տի քր­տին­քով վաս­տակ շա­հե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւնն էր՝ հե­ռու դրա­մա­պաշ­տու­թե­նէ եւ շռայ­լու­թե­նէ:
Ան­կեղ­ծու­թեան եւ պար­կեշ­տու­թեան օրի­նա­կը տուաւ Խարտ­եա­շի­կը, ան հա­ւա­տա­րիմ մնաց իր սի­րոյն եւ հա­կա­ռակ բո­լոր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն, սպա­սեց տա­րի­ներ եւ կր­ցաւ իր նպա­տա­կին հաս­նիլ ու մի­ա­նալ անոր:
Պոն­քան ալ կա­րե­ւոր դա­սեր սոր­վե­ցաւ՝ աշ­խա­տիլ, սի­րել, համ­բե­րա­տար ըլ­լալ եւ փոր­ձա­ռու մար­դոց խրատ­նե­րը չան­տե­սել: Խո­րի­մաստ այս թատ­րո­նը աղուոր եւ դիւ­րըմբռ­նե­լի ոճով մէ­կէ աւե­լի պատ­գամ­ներ ուղ­ղեց թա­տե­րա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան, յատ­կա­պէս երի­տա­սարդ­նե­րուն:
Ան­գամ մը եւս թատ­րո­նը հրամց­ուե­ցաւ հա­մազ­գայ­նա­կան­նե­րու ու­ժե­րով, այս ան­գամ Հա­մազ­գա­յի­նի մատ­ղաշ սե­րուն­դին տք­նա­ջան աշ­խա­տան­քով: Այս սե­րուն­դը եր­կար պի­տի ծա­ռա­յէ հայ թատ­րո­նին, հայ մշա­կոյ­թին եւ Հա­մազ­գա­յի­նին: Սա ող­ջու­նե­լի երե­ւոյթ է:
Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մը ցոյց տուաւ, որ հայ մնա­լու եւ հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րը պահ­պա­նե­լու հա­մար գոր­ծել, պայ­քա­րիլ ու յա­ռաջ­դի­մել է պէտք ամէն մար­զե­րու մէջ: Ու­նակ եւ մաս­նա­գի­տա­ցած երի­տա­սար­դու­թիւն է պէտք թէ՛ զէնք վերց­նե­լով հայ­րե­նիք պաշտ­պա­նե­լու, թէ՛ գի­տու­թեան, ճար­տա­րար­ուես­տի եւ մշա­կոյ­թի մէջ յա­ռա­ջա­նա­լու, եւ թէ ազ­գա­յին մեր ինք­նու­թիւնն ու գո­յեր­թը յա­մա­ռօ­րէն պահ­պա­նե­լու:
Մեր նա­խա­հայ­րե­րուն թո­ղած ժա­ռան­գու­թիւնը հո­ղին կող­քին մշա­կոյթն է, մեր հա­րուստ պատ­մու­թիւնն ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը:
Ուս­տի փոքր քայ­լե­րով յա­ռաջ ուղղ­ուինք, ու բո­լոր մար­զե­րուն մէջ պատ­րաստ­ուած սե­րունդ հասց­նենք, որ­պէս­զի զօ­րա­նանք ու գոր­ծենք աշ­խու­ժօ­րէն, այդ մի­ջո­ցաւ իսկ մեր ներ­կա­յու­թիւնը պար­տադ­րե­լով:
Շնոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր անոնց, որոնք ճիգ չխ­նա­յե­ցին այս թատ­րո­նին յա­ջո­ղու­թեան հա­մար: Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն մեր սի­րե­լի ծնող­նե­րուն, որոնք վս­տա­հե­ցան իրենց թան­կա­գին զա­ւակ­նե­րը Հա­մազ­գա­յի­նին եւ իրենց համ­բե­րու­թեան շնոր­հիւ մեր եր­կա­րա­տեւ փոր­ձե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ դար­ձան:
Կ’ու­զեմ յի­շել այս ծրա­գի­րին նա­խա­գի­ծը դնող, մե­զի մեծ յոյս ու հա­ւատք ներշն­չող մեր հա­նգուց­եալ ըն­կե­րու­հի՝ Յու­շիկ Ղա­զար­եա­նը: Յու­շի­կը առա­ջին օրէն քա­ջա­լե­րեց երի­տա­սարդ սե­րունդ մար­զե­լու միտ­քը եւ յա­տա­կա­գի­ծը դրաւ այս ծրա­գի­րին: Այ­սօր ար­դէն ու­նինք հմ­տա­ցած երի­տա­սարդ դե­րա­սան­ներ ու թա­տե­րա­կան կեան­քը քայլ մը առաջ ան­ցած է ար­դէն:
Մոմ ու խունկ շի­րի­միդ, սի­րե­լի՛ ըն­կե­րու­հի, մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ պի­տի ապ­րիս յա­ւէտ:
Սի­րե­լի՛ պա­տա­նի­ներ,
Այս թատ­րո­նը եղաւ մեր առա­ջին մեծ քայ­լը, եղէ՛ք խո­նարհ, եղէ՛ք աշ­խա­տա­սէր եւ մնա­ցէք հա­ւա­տա­րիմ Հա­մազ­գա­յի­նին ու հայ թատ­րո­նին:
Սագօ Խալոյեան