Բոլոր նշանները ցոյց կու տային, որ Մոսկուա-Երեւան թռիչքը յաջողած էր, եւ ահա չորրորդ անգամ կը զգայի ոտքերուս տակ կը զգայի հայրենի հողը՝ Արշակ  Երկրորդի մը գոհունակութեամբ ու հպարտութեամբ: Իր կարգին գոհունակ կը թուէր նաեւ մարդկային այն անվերջանալի հեղեղը, որ դուրս կը հոսէր օդանաւի որովայնէն, եւ անոնք բոլորը գրեթէ մի՛այն հայերէն կը խօսէին:
Ի տարբերութիւն Մոսկուայի՝ այստեղ մեզ դիմաւորեցին կապի կոմիտէութեան երկու ներկայացուցիչներ: Անոնք իրենց շուրջ հետզհետէ ի մի հաւաքեցին մօտաւորապէս երկուտասնեակ մը  պատգամաւորներ, որոնց մէկ քանիին ծանօթ էինք Լիբանանէն, մինչ մեծամասնութիւնը կու գար այլազան գաղութներէ:  Այլ պատգամաւորներու պիտի հանդիպէինք պանդոկին մէջ, այլեւ ժողովի օրը, որով մասնակցողներուն թիւը պիտի  հասնէր մօտաւորապէս 40-ի: Հետագային հաստատեցինք, որ սփիւռքահայ միութիւնները հրաւիրուած էին ըստ իրենց ներկայացուցած գաղութի թուական տարողութեան, ըստ այսմ ալ՝ ամէնէն բազմամարդ պատգամաւորները ունէին Մերձաւոր Արեւելքէն ու Միացեալ Նահանգներէն եկողները: Յարաբերաբար աւելի ցանցառ էին միւսները: Այս բոլորին մէջ Համազգայինին վերապահուած էր ամենաբարձր թիւը՝ չորս ներկայացուցիչ:
Շատ լաւ պայմաններու մէջ տեղաւորուեցանք Արմէնիա հիւրանոցը, ուր ունեցայ մենասենեակ մը, որ պերճանք պիտի սեպուէր ուրիշ ատեն. հաւանաբար եղանակին կը պարտէինք զայն, քանի զբօսաշըրջիկները զգալիօրէն նուազած էին, եւ կարելի էր ասոր անդրադառնալ օդակայանէն իսկ:
Այստեղ զիս կը սպասէր բաւական հաճելի անակնկալ մը. հազիւ վերելակէն դուրս եկայ՝ ուղղուելու համար սենեակս, նրբանցքի աջին ու ձախին  դռներուն վրայ փակած տեսայ  մօտաւորապէս 3սմx8սմ չափի բազմաթիւ եռագոյններ, բան մը որ կարելի չէր երեւակայել մինչեւ մօտիկ անցեալը, որովհետեւ չմոռնանք, որ տակաւին իշխողը խորհըրդային կարգերն էին, եւ իբր այդպիսին՝ Հայաստան ունէր իր ուրոյն դրօշակը, որ դռներուն վրայ փակցուած եռագոյնը չէր:
Այս փոքրիկ դրօշակները կը նմանէին  հեռաւոր հովիտին մէջ  արմատացած նշենիի առաջին ծաղիկին, որ գարնան հաստատ աւետաբերն է,  որքան ալ ձմրան ձիւնը իր հաստ վերմակին տակ շարունակէ  ծածկել անմիջական շրջապատն ու մօտակայ բարձունքները. ան բնութեան անշեղ օրէնքով դատապարտուած է հալելու ու չքանալու՝ տեղը զիջելով անվարան ու հաստատաքայլ մօտեցող գարունին:
Եւ ադպէս ալ եղաւ:
Ճիշդ երկու տարի ետք երբ,- զարմանալի զուգադիպութեամբ մը՝ դա՛րձեալ Դեկտեմբերի առաջին շաբաթը,-եկանք Հայաստան՝ այս անգամ Սուրիոյ վրայով, Եռագոյնը իր ամբողջ շքեղութեամբ ու ծաւալով  արդէն նազանքով  կը ծածանէր գագաթը Կառավարութեան շէնքի աշտարակին, Լենին պապիկի շըլմորած հայեացքին տակ՝ իբրեւ հայրենի պաշտօնական  դրօշակը  այն բնօրրանին, ուրկէ ան արտաքսուած էր 70 տարի առաջ:
Ան իր հետ բերած էր նա՛եւ  ազգային հարազատ օրհներգն ու դրօշանիշը:
Երեք փոփոխութիւններ, որոնք կը խորհրդանշէին պատմական այնպիսի շրջադարձութիւն մը, որ դժուար  պիտի երեւակայէր ամէն բանականութիւն:
* * *
Բայց եւ այնպէս Հայաստան հանգիստ չէր,  հանգիստ  չէր  հայը եւս:
Նախ եւ առաջ ցուրտ էր, հալածող, մաշեցնող, կրծող ցուրտ մը, որ հարուածած էր գրեթէ  ամբողջ երկիրը: Պանդոկը, ճիշդ է, թեթեւ ջերմութիւն մը  կը վայելէր, սակայն մենք գտնուեցանք պետական ու պաշտօնական այլազան  գրասենեակներ, որոնք տաքցուած չէին եւ ուր անտանելի տառապանք էր  քիչ մը նստիլ եւ հարց մը քննարկել: Ջեռուցումէ զրկուած էին համալսարանները, որոնք լիարժէք ու լիաժամ չէին գործեր:
Այն օրերուն  մեզի այցելեցին սփիւռքահայ ուսանողներ, որոնց հանրակացարանները նմանապէս զրկուած էին ջերմութենէ ու մանաւանդ տաք ջուրէ, եւ անոնք եկած էին խնդրելու մեզմէ, որպէսզի բարեխօսենք առ որ անկ է,  որովհետեւ «ձեզի մտիկ կ’ընեն»:
Պանդոկին առջեւ, հրապարակին վրայ, կը պլպլային քանի մը խեղճուկրակ  լամբեր, իսկ անկէ դուրս, որքան հեռանայիր կեդրոնէն, Ճամբաներն ու փողոցները հետզհետէ  բոլորովին մութ կը դառնային:  Այսպէս էր Երեւանի մէջ: Հապա ի՞նչ կըրնար ըլլալ կացութիւնը  մայրաքաղաքէն դուրս՝ երկրորդական քաղաքներուն  ու գիւղերուն մէջ:
Անդին սկսած էր  անխուսափելի ծառահատումը. նախ՝ հեռաւոր գաւառական շրջաններու մէջ, սկիզբը գաղտագողի, ապա շատ աւելի ալանի ու համարձակ՝ հետզհետէ մօտենալով մայրաքաղաք, ուր  հատումի պարագաները բացառութիւն չէին բնաւ:
Քարիւղի կամ կազի տագնապը պատճառ դարձած էր, որ տուժէին փոխադրութիւնն ու հաղորդակցութիւնը շրջաններուն հետ. օրինակ՝ ես կը փափաքէի Կիրովական՝ այժմու Վանաձոր, հարազատներուս  հանդիպիլ ու չէի կրնար.
-Շատ հեռու է,- առարկեցին վարորդները:
Պէտք եղաւ սպասել մօտաւորապէս շաբաթ մը, երբ  գործարանի մը տնօրէնը,- որուն ծրար մը բերեր էի Լիբանանի իր մէկ հարազատէն եւ որ  կը պնդէր «ա՛նպայման  յարգել  զիս»  կամ օգտակար ըլլալ «որեւէ այլ ձեւով»,-  սիրայօժար հաւանեցաւ  իր սեփական ինքնաշարժով ու վարորդով հասցնել զիս հարազատներուս՝ տակաւին լիացնելով զիս տեսակ-տեսակ պտուղներով, որոնք կը ծախուէին ճամբու երկայնքին:
* * *
Վառելանիւթի չքացումին կամ նուազումին զուգահեռ նուազած էր ներառուող նպարեղէնը եւս: Առտուն թէյին հետ շաքար չէր դրուեր սեղանին վրայ, թէեւ ըսողներ եղան, որ սպասեակները «տակից» կը կարգադրէին՝  փոքրիկ նուէրի մը փոխարէն,- այն ատեն ակնկալութիւնները, դուք ըսէք՝ կաշառքը, համեստ էին տակաւին,- իսկ մատուցուող ուտեստեղէնը զգալիօրէն     համեստ էր: Կարելի էր դիւրաւ գուշակել, որ ժողովուրդը ինք կամ գոնէ անոր կարգ մը խաւերը այսքանն ալ չէին գտներ:
Այս բոլորին պատճառը եղբայրական Ատրպէյճանն էր, որ ոչ միայն ինք դէպի Հայաստան իր արտածումները դադրեցուցած էր, այլեւ ըստ կարելւոյն կը խափանէր միութենական  առաքումները եւս, որոնք պէտք է անցնէին ազերի հողերէն:
Եւ այս՝ Մեծ եղբօր թոյլատու  ու դիւրահաճ քիթին տակ:
* * *
Երեւանի մէջ առաջին հանդիպումս  տեղի ունեցաւ յաջորդ առաւօտուն, ուր պանդոկ այցելեց  Անահիտ Սուքիասեանը, որուն ծանօթացած ու հետը մտերմացած էի Լիբանանի մէջ շնորհիւ ամուսինին, որ բարեկամս էր: Ինք արեւելահայ էր, ամուսնացած էր բանասիրականի դասընկերոջը հետ, հաստատուած  էր Լիբանան, շատ լաւ սորված էր արեւմտահայերէնը եւ հիմա  յաջողութեամբ Հայ գրականութիւն կը դասաւանդէր ազգային վարժարաններուն մէջ,  ուր մեծապէս գնահատուած էր:
Ըստ ամենայնի դիւրահաղորդ, այլեւ շատ ճարպիկ  անձնաւորութիւն մը:
Երբ ընթացիկ զրոյցները աւարտեցան, իրեն յայտնեցի, որ հետս բերած էի բարեկամի մը տուած 300 տոլարը եւ անոր յանձնարարութեամբ՝ զայն ռուբլիի վերածելէ ետք  պէտք է փոխարժէքը յանձնէի իր մէկ հարազատին: Հարցուցի, թէ ի՛նչ էր միջոցը, միաժամանակ ակնարկեցի  Մոսկուայի օդակայանէն մեր գնած ռուբլիին ու անոր սակին՝  վեց ռուբլի մէկ տոլարի դիմաց:
-Ո՛չ, ո՛չ,-ընդհատեց զիս,- անանկ բան չընե՜ս: Ես քեզի տասը ռուբլի կը բերեմ ամէն տոլարի փոխարէն:
Չհաւատացի:
-Դեռ երկու օր առաջ  էր ըսածս, Մոսկուայի օդակայանին մէջ:
-Դուն ի՛նչ պիտի ընես. հոս Հայաստան է, տակից ամէն բան կ’ըլլայ:
Եւ իրապէս ալ, միւս օրը, ապշահար աչքերուս առջեւ դրաւ  3.000 տոլարի տրցակ մը:
Ուրեմն Մոսկուայի մէջ տասնապատիկ արժեզրկուած ռուբլին այստեղ տասնեօթպատիկ արժեզրկումի ենթարկուած էր:
* * *
Երբ քիչ մը շրջապատիս ընտելացայ, նկատեցի, որ այդ նոյն սակը կը կիրարկուէր մայթերուն եզրին  նոր-նոր բուսած կրպակներու մէջ եւս, ազատօրէն, դուք հասկցէք՝ բոլորովին «վրայից»:
Այս ալ կը նշանակէր, որ Մոսկուա մեր կատարած ախտաճանաչումը՝ միութենական քայքայումի մը մասին, այստեղ շատ աւելի առաջ գացած էր. բուն քայքայումը սկսած էր…Հայաստանէն: Եւ ի զուր չէ, որ արեւելահայերը կը յոխորտային, թէ՝
-Խորհրդային Միութիւնը մե՛նք քայքայեցինք…
Յատկանշականը այն էր, որ սպառողական շուկայի մէջ պետութեան մատուցած ծառայութիւնները քայլ չէին պահեր  ազգային դրամանիշի անկումին հետ, անոնք կը մնային գրեթէ նոյնը. օրինակ՝ տասը հոգիով ճաշարան կը նստէինք, կը յղփանայինք լաւագոյն կերակուրներով ու խմիչքներով եւ փոխարէնը քանի մը տոլար միայն կը վճարէինք,- ինչ որ արդար չէր անշուշտ:
Արմենակ Եղիայեան