Աշխատանքը բոլոր առաքինութիւնների մայրն է,
ինչպէս ծուլութիւնը ծնող է ամենայն մոլութեան:
Ղազարոս Աղայեան
Յու­նա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան ծա­նօթ­նե­րը գի­տեն, որ կի­սաստ­ուած հե­րոս Հե­րակ­լէ­սը գեր­մարդ­կա­յին ճիգ պա­հան­ջող 12 սխ­րանք­ներ իրա­գոր­ծեց: Եթէ Հա­յաս­տան-Ար­ցա­խի այ­սօր­ուան իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը աչ­քի առ­ջեւ բե­րենք լայն­քով ու եր­կայն­քով (նա­եւ սահ­ման­նե­րէն ան­դին տա­րա­ծուող՝ դիւա­նա­գի­տա­կան, առեւտ­րա­կան ու ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­տե­րով), կը տես­նենք, որ Հա­յաս­տա­նի յա­ռա­ջի­կայ կա­ռա­վա­րու­թեան ու­սե­րուն պի­տի իյ­նան շա՛տ աւե­լի տա­ժա­նա­կիր պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ, քան ինչ որ վի­ճակ­ուած էր Հե­րակ­լէ­սին:
Նա­խորդ սիւ­նակ­նե­րուն մէջ ար­դէն նշե­ցինք, թէ կա­ցու­թիւնն ու հո­րի­զոն­նե­րը կը դի­տենք յետ-44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին լոյ­սին տակ, թէ՝ եր­կի­րը կը գտն­ուի փո­խանց­ման եր­կա­րաձ­գուող փու­լին մէջ: Առա­ջին գործ­նա­կան քայ­լը պի­տի ըլ­լայ ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ, ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐ­ԴԻՆ ԵՒ ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻ­ՔԻՆ ան­մի­ջա­կան եւ հե­ռա­հաս շա­հե­րը, ապա­հո­վու­թիւնը երաշ­խա­ւո­րող ՄԻ­ԱՑ­ԵԱԼ ԿԱ­ՌԱ­ՎԱ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ մը ձե­ւա­ւո­րու­մը: Սա ինք­նա­բե­րա­բար վեր­ջա­կէտ պի­տի դնէ այն «մանր» եւ «կողմ­նա­կի» հար­ցե­րուն (բո­լորն ալ կա­րե­ւոր ու լուծ­ման կա­րօ­տող՝ այ­լա­պէս), որոնք ամէն օր ու ամէն շա­բաթ «կը պայ­թին» քա­ղա­քա­կան բե­մին վրայ, ու­շադ­րու­թիւն­նե­րը կը տա­րա­ծեն եւ «Բիւ­զան­դա­կան բա­նա­վէ­ճեր» յի­շեց­նող մթ­նո­լոր­տի մէջ կը պա­հեն ամ­բողջ հա­յու­թիւնը: Ցո­րենն ու տա­տաս­կը պի­տի գտ­նեն իրենց ար­դար տե­ղե­րը:
Կարճ խօս­քով, նոր կա­ռա­վա­րու­թե­նէն սպաս­ուա­ծը նոր յե­ղա­փո­խու­թիւն մը չէ, իր իս­կա­կան կամ շին­ծու բնոյ­թով, այլ՝ կոր­ծա­նած վի­ճա­կէ դուրս բե­րող՝ Փր­կու­թեան Ծրա­գի­րի մը մշա­կումն ու գոր­ծադ­րու­թիւնը։
ԱԶԳ. ՄԻՈՒ­ԹԵԱՆ ԿԱ­ՌԱ­ՎԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ
Յիշ­եալ նա­խադր­եալ­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով, սպա­սե­լի է, ու­րեմն, որ Հայրենիքի Փր­կու­թեան Շար­ժու­մը հրա­պա­րակ գայ Ազ­գա­յին Միու­թեան Կա­ռա­վա­րու­թեան մը կազ­մով:
Ամէ­նէն հան­գիստ պայ­ման­ներ ապ­րող եր­կիր­նե­րու մէջ իսկ, գոր­ծող կա­ռա­վա­րու­թեան մը ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, իշ­խա­նու­թեան թե­րու­թիւն­նե­րը քն­նա­դա­տո­ղի կեց­ուած­քին եւ զա­նոնք աւե­լի լաւ քայ­լե­րով փո­խա­րի­նե­լու իրենց առա­ջադ­րան­քին առըն­թեր, կը կազ­մեն «շուք-կա­ռա­վա­րու­թիւն»ներ, որ­պէս­զի իշ­խա­նա­փո­խու­թեան պա­րա­գա­յին, ժա­մա­նակ չկորսնց­նեն վար­չա­կազ­մը աւե­լի՛ ար­դիւ­նա­ւոր աշ­խա­տան­քի լծե­լու հա­մար: Նո­յեմ­բեր 10-էն աս­դին, Հա­յաս­տա­նի ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ու անոնց զօ­րակ­ցող խմ­բա­ւո­րում­նե­րը նման քայլ չեն առած (կան բազ­մա­թիւ պատ­ճառ­ներ եւ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ, սա­կայն հրա­մա­յա­կա­նը ճն­շող է): Պատ­ճա­ռը այն չէ, որ նման քայլ ջուր պի­տի լեց­նէր «կ’ու­զեն աթոռ գրա­ւել»ի քա­րոզ­չու­թեան…: Ընդ­հա­կա­ռակն, յս­տա­կօ­րէն բա­նա­ձեւ­ուած են քա­նի մը սկզ­բունք, ըստ որոնց՝ եղա­ծը աթո­ռակ­ռիւ չէ, «նախ­կին­նե­րու» ժա­մա­նակ­նե­րը (փտա­ծու­թիւն, մե­նաշ­նորհ­ներ, կա­շառք, օֆ-շո­րա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թիւն…) գա­ցած են ան­վե­րա­դարձ, թէ՝ նոր կա­ռա­վա­րու­թիւնը պի­տի ձե­ւա­ւոր­ուի մաս­նա­գէտ­նե­րէ, հայ­րե­նի­քի շա­հե­րով առաջ­նոր­դուող­նե­րէ, Հա­յաս­տան-Ար­ցա­խի շա­հե­րը շր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին ալիք­նե­րուն յար­մարց­նող, անոնց­մէ օգտ­ուե­լու ատա­կու­թիւնը ու­նե­ցող ար­հես­տա­վարժ­նե­րէ եւ այլն:
Նման «շուք-կա­ռա­վա­րու­թեան» մը կազ­մու­թիւնն ու հրա­պա­րակ գա­լը վե­րա­կանգ­նու­մի շար­ժու­մը պի­տի տա­նի քա­նի մը քայլ յա­ռաջ: Ժո­ղո­վուր­դը պէտք է տես­նէ, թէ հե­րակ­լէս­եան աշ­խա­տան­քին լծուող­նե­րը ի՛սկա­պէս մաս­նա­գէտ ար­հես­տա­վարժ­ներ են, բո­լոր կու­սակ­ցու­թեանց ու մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն սե­րուց­քը, որ պի­տի գայ փո­խա­րի­նե­լու քա­ղա­քա­կան ման­կա­պար­տէ­զէն ան­դին չան­ցած վնա­սա­րար­նե­րը:
Մաս­նա­գէտ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւնը պի­տի գոր­ծէ ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին յս­տակ գա­ղա­փա­րա­կա­նի հի­մե­րուն յե­նած, բայց նա­եւ ու­նե­նա­լով բո­լոր կու­սակ­ցու­թեանց եւ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին (գո­նէ ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեան) աջակ­ցու­թիւնը: Եթէ կու­սակ­ցու­թեանց եւ տար­բեր խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն մի­ջեւ կան ան­խու­սա­փե­լի տար­բե­րու­թիւն­ներ, այ­սօր­ուան փու­լը կը պա­հան­ջէ, որ այդ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը նսե­մաց­ուին ու երկ­րոր­դա­կան դաս­ուին, այլ առաջ­նա­յին նկատ­ուին հայ­րե­նիք-պե­տու­թեան փր­կու­թիւնը: Մեր կրած ահա­ւոր հար­ուա­ծը այլ «պեր­ճանք­նե­րու» տեղ չէ ձգած, եւ չենք կր­նար նա­խա­տե­սել, թէ քա­նի՞ տա­րի­նե­րու (կամ տաս­նամ­եա­կի) պէտք ու­նինք, որ­պէս­զի դարձ­եալ հաս­նինք… 26 Սեպ­տեմ­բեր 2020-ի վի­ճա­կին:
Կա­ռա­վա­րա­կան նման կազմ մը պի­տի չգոր­ծէ քա­ղա­քա­կան եւ ժո­ղովր­դա­յին խա­ւե­րէն բո­լո­րո­վին ան­կախ տրա­մա­բա­նու­թեամբ, ստեղ­ծե­լով իր՝ իրա­կա­նու­թեան ան­հա­ղորդ «աշ­խար­հը»: Ընդ­հա­կա­ռակն, ան իր միտ­քը, ականջ­ներն ու աչ­քե­րը լայն բա­ցած պի­տի պա­հէ բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն եւ խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն, նոյ­նինքն ժո­ղո­վուր­դին կար­ծիք­նե­րուն, անոնց տա­լիք դրա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն դի­մաց, մի­ա­ժա­մա­նակ «շօ­շա­փուկ­նե­րը» լա­րած պա­հե­լով շր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն ուղ­ղութ­եամբ: Պէտք է գործ­նա­պէս ապա­ցու­ցել, որ տի­րու­թիւն կ’ընես ժո­ղո­վուր­դին, կ’ըն­դա­ռա­ջես անոր տար­րա­կան կա­րիք­նե­րուն, տի­րու­թիւն կ’ընես մա­նա­ւանդ անոր բո­լոր հո­ղե­րուն, օր մըն ալ չես յայ­տա­րա­րեր, որ երկ­րին այս կամ այն շր­ջա­նը ար­դէն մե­զի չէր պատ­կա­ներ…: Նման քայ­լի ի տես՝ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը կը կանգ­նի քու կող­քիդ, կ’աւ­լէ-կը վա­նէ ազ­գա­յին ծրա­գիր­նե­րէ շե­ղող­նե­րը, ազ­գա­յին աւանդ­ներ, ժա­ռան­գու­թիւն­ներ եւ հո­րի­զոն­ներ խոր­տա­կող-մթագ­նող­նե­րը:
Առա­ջադր­ուած կա­ռա­վա­րու­թեան վի­ճակ­ուե­լիք սխ­րանք­նե­րը վիթ­խա­րի են: Թուենք քա­նի մը հիմ­նա­կան գի­ծեր, առանց մտ­նե­լու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մէջ, որոնք կը կա­րօ­տին մաս­նա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու:
ՆԵՐ­ՔԻՆ ՍԽ­ՐԱՆՔ­ՆԵՐ
Ներ­քին դաշ­տե­րու մէջ, ան­գամ մը եւս շեշ­տենք, առաջ­նա­հերթ առա­քե­լու­թիւն է վե­րա­կանգ­նել կա­րե­լի մի­աս­նու­թիւնը, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Ար­ցա­խի ու Սփիւռ­քի մէջ:
Կա­րե­լի չէ խօ­սիլ առաջ­նա­հերթ կամ երկ­րոր­դա­կան ծրա­գիր­նե­րու մա­սին, այլ նկա­տի ու­նե­նանք, որ ԲՈ­ԼՈՐ առա­ջադ­րանք­նե­րը առաջ­նա­հերթ են: Եղած նա­հանջ­նե­րուն եւ քան­դում­նե­րուն ի տես՝ կայ վե­րա­կանգ­նե­լի բա­ժին մը, ապա, դէ­պի նոր զար­գա­ցում տա­նող հո­րի­զո­նը: (Եզա­կի չենք այս ճամ­բուն մէջ, թէ­եւ չենք կր­նար, չենք ու­զեր բաղ­դատ­ուիլ որե­ւէ այլ երկ­րի ու ղե­կա­վա­րու­թեան հետ. միայն յի­շա­տա­կենք այն, որ Ուա­շինկ­թը­նի ղե­կը ձեռք առած Ճօ Պայ­տըն մը իր առա­ջին գոր­ծը նկա­տեց վե­րա­կանգ­նել ու բա­րե­կար­գել բո­լոր այն կալ­ուած­նե­րը, որոնք քան­դու­մի եւ նա­հան­ջի մատն­ուած էին այ­լան­դակ ու ապի­կա­րու­թեան «թա­գա­կիր» Տո­նըլտ Թրամ­փի կող­մէ):
Այս­պէս, մաս­նա­գէտ եւ ար­հես­տա­վարժ­ներ առա­քե­լու­թեան կո­չե­լով, նկա­տի պէտք է ու­նե­նալ հե­տեւ­եալ (եւ բա­զում այլ) դաշ­տե­րը.
Վե­րա­կանգ­նել բա­նակն ու ու­ժա­յին կա­ռոյց­նե­րը, ամ­րաց­նե­լով հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան ու պահ­պան­ման ող­նա­յա­րը: Սա ո՛չ միայն պի­տի վե­րա­հաս­տա­տէ բա­նա­կին ան­վի­ճե­լի տեղն ու դե­րը, այլ նա­եւ ինք­նա­բե­րա­բար վեր­ջա­կէտ պի­տի դնէ այն բա­նա­վէ­ճե­րուն եւ այ­լան­դակ մր­ցակ­ցու­թիւն­նե­րուն, որոնք քա­նիցս հրա­պա­րա­կը գրա­ւե­ցին Նո­յեմ­բե­րէն աս­դին:
Վե­րա­ձե­ւա­ւո­րու­մի եւ վե­րայս­տա­կաց­ման կը կա­րօ­տին Հա­յաս­տան-Ար­ցախ գոր­ծակ­ցա­կան-զի­նակ­ցա­կան կա­պե­րը, որ­պէս­զի յս­տակ դառ­նայ Ար­ցա­խի՝ ամ­բող­ջա­կան Ար­ցա­խի հա­յու­թեան պատ­կա­նե­լիու­թիւնը:
Արագ լու­ծու­մի հասց­նել գե­րի­նե­րու եւ ցարդ կորս­ուած նկա­տուող­նե­րու փշոտ հար­ցը, որ այ­լա­պէս սկ­սած է տա­րօ­րի­նակ բա­նա­վէ­ճեր ստեղ­ծել (Ար­ցա­խի մէջ զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան մեր­ժում, այս հար­ցե­րուն քա­ղա­քա­կան շա­հար­կում, մաս­նա­ւո­րա­բար Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ…):
Յս­տակ առա­քե­լու­թեամբ ներ­քին նա­խա­րա­րու­թեան մը ստեղ­ծու­մը, առանց ան­տե­սե­լու այլ ան­տես­ուած կալ­ուած­ներ, օրի­նակ՝ ստեղ­ծու­մը զբօ­սաշր­ջու­թեան, սփիւռ­քի հա­յու­թեան հետ գոր­ծակ­ցու­թեան (եւ այլ նսե­մաց­ուած կամ ցարդ լու­սանց­քա­յին նկատ­ուած) նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու:
Տն­տե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին կալ­ուա­ծին մէջ, կա­ռա­վա­րու­թիւնը կը դի­մագ­րա­ւէ բռ­նի գաղ­թա­կան դար­ձած­նե­րուն տագ­նա­պը, մեծ մա­սամբ՝ Ար­ցա­խի գաղ­թա­կան­նե­րուն, որոշ չա­փով նա­եւ Սիւ­նի­քէն բռ­նա­գաղթ­ուած­նե­րու: Գաղտ­նիք չէ, որ պա­տե­րազ­մի օրե­րուն Ար­ցա­խէն գաղ­թա­կան դար­ձած հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր բնա­կիչ­նե­րէն ստ­ուար թիւ մը վե­րա­դար­ձած է Ար­ցախ, սա­կայն շա­տեր կը մնան «ներ­քին գաղ­թա­կան»ի դրու­թեան մէջ:
Վե­րաս­տեղ­ծու­մը մեր հայ­րե­նի­քին նկատ­մամբ վս­տա­հու­թեան այն մըթ­նո­լոր­տին, նա­եւ՝ անոր աւե­լի՛ եւս ամ­րա­ցու­մը, որ­պէս­զի ներդ­րում­նե­րը վե­րա­կանգ­նին: (Յա­րա­կից կալ­ուած­ներ են ճար­տա­րար­ուես­տի, նե­րառ­եալ՝ զի­նա­կան ճար­տա­րար­ուես­տի եւ օդա­նա­ւո­րո­դու­թեան դաշ­տե­րը, որոնք վեր­ջերս անս­պա­սե­լի եւ անի­մաստ հար­ուած­ներ ստա­ցան յանձ­ան­ձող­նե­րու ապի­կա­րու­թեան հե­տե­ւան­քով):
Հա­յաս­տա­նի ԲՈ­ԼՈՐ շր­ջան­նե­րուն (Երե­ւա­նէն ան­դին տա­րա­ծուող մար­զեր, քա­ղաք­ներ ու գիւ­ղեր) հա­մար մշա­կել հա­մա­չափ զար­գաց­ման ծրա­գիր­ներ՛ յա­տուկ հո­գա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րել սահ­մա­նա­մերձ գօ­տի­նե­րուն: Ան­կա­խու­թե­նէն 30 տա­րի ետք ալ, բա­ցի քա­նի մը քա­ղա­քէ եւ գիւ­ղա­կան շր­ջա­նէ, երկ­րին մեծ մա­սը գե­րի կը մնայ անց­եալ դա­րե­րու պայ­ման­նե­րուն:
Նա­խորդ կէ­տին կը զու­գորդ­ուի շի­նա­րա­րու­թեան մար­զի զար­գա­ցու­մը: Խօս­քի չի վե­րա­բե­րիր միայն ճամ­բա­նե­րուն եւ վտան­գի են­թա­կայ շէն­քե­րուն, այլ ամ­բողջ եր­կի­րը պար­փա­կող ծրա­գիր­նե­րու:
Վե­րա­կանգ­նում եւ վե­րա­կազ­մա­կեր­պում ներ­քին ու ար­տա­քին առեւ­տու­րի, հե­տե­ւա­բար նա­եւ ճամ­բոր­դու­թեան գի­ծե­րու (որոնք, յա­մե­նայն­դէպս, պէտք է զերծ մնան Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի իրո­ղա­կան գե­րու­թեան պայ­ման­նե­րէ):
Վե­րա­կանգ­նու­մի տա­նիլ ծա­նօթ փլու­զում­նե­րուն տար­ուած եւ շփո­թի մատն­ուած՝ կր­թա­կան ու մշա­կու­թա­յին կալ­ուած­նե­րը (ու­սում­նա­կան ծրա­գիր­ներ՝ բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեանց հա­ւա­տար­մու­թիւն եւ հարս­տա­ցում): Մեր­ժում՝ այ­լա­սե­ռող ազ­գա­յի­նը, տոհ­մի­կը օտա­րի (չ)ար­ժէք­նե­րուն ստո­րա­դա­սող մտա­ծո­ղու­թեանց, որոնք «արդ­ի­ա­կա­նու­թեան» եւ «աւե­լի զար­գա­ցած ըլ­լա­լու» յե­րիւ­րանք­նե­րով կը մա­տուց­ուին մեր ժո­ղո­վուր­դին:
Նա­խորդ կէ­տին մէջ յի­շա­տակ­ուած­նե­րուն կող­քին, կ’առանձ­նաց­նենք մարմ­նա­մար­զի եւ երի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու ան­ջատ նա­խա­րա­րութ­եան մը ստեղ­ծու­մը: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, մշա­կոյթ, կր­թու­թիւն, ար­ուեստ եւ մա­սամբ նո­րին՝ մէկ տոպ­րա­կի մէջ դնե­լը, տե­սա՛նք, ինչ­պի­սի այ­լան­դա­կու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ դար­ձաւ, իսկ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան գործ­նա­կան չէ­զո­քա­ցու­մը ինչ­պի­սի՛ բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ հայ­րե­նի­քի եւ Սփիւռ­քի կա­պե­րուն վրայ (ան­կախ ան­կէ, որ Սփիւռ­քը շատ աւե­լի տի­րու­թիւն ըրաւ իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն, քան հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, որոնք «թա­ւիշ»ին տա­րա­ծու­մէն առաջ ալ, այս մար­զին վրայ նե­տած էին ձե­ւա­կա­նու­թեան ծած­կոյթ մը…):
Կա­րե­լի չէ ան­տես թո­ղուլ տե­ղե­կա­տուու­թեան մար­զը, պաշ­տօ­նա­կան բե­մե­րու թէ հա­մա­ցան­ցա­յին ոլորտ­նե­րոու մէջ: Աւե­լորդ է ար­ձա­նագ­րել, թէ հոն եւս, երկ­փեղ­կումն ու իրա­րու ան­հա­ղորդ «տի­ե­զերք­ներ»ը ստեղ­ծած են աւե­լի քան ան­բաղ­ձա­լի, վնա­սա­կար եւ վտան­գա­ւոր «մի­ջա­վայր»: Տրա­մա­բա­նու­թիւնը պէտք է գոր­ծի լծ­ուի փո­խան գրաքն­նու­թեան, ալ ի՜նչ խօսք՝ հայ­հո­յանք­նե­րու եւ ան­հիմն մե­ղադ­րանք­նե­րու փո­խա­նակ­ման ալիք­նե­րուն մա­սին:
Պա­տե­րազ­մի «հետ­քեր»ուն յս­տա­կա­ցու­մը եւ ար­դար «հաշ­ուե­փա­կը»՝ իր ռազ­մա­կան, զի­նուո­րա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ դիւա­նա­գի­տա­կան երես­նե­րով: (Այս կէ­տը դիտ­մամբ ար­ձա­նագ­րե­ցինք այս ոչ-ամ­բող­ջա­կան ցան­կին վեր­ջա­ւո­րու­թեան, որով­հե­տեւ սա պի­տի ըլ­լայ մեկ­նա­կէ­տը՝ ար­տա­քին հրա­մա­յա­կան­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու կոչ­ուած՝ յա­ռա­ջի­կայ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն սպա­սում­նե­րուն առա­ջին կէ­տը, որուն պի­տի անդ­րա­դառ­նանք առան­ձին սիւ­նա­կով, յա­ջոր­դիւ):
Ս. Մահսերէճեան