Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ՝ ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին, Մեծ Պահոց օրերուն ընթացք առաւ հոգեւոր բնոյթի դասախօսական շարք:
Երրորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 23 Մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, յետ Արեւագալի ժամերգութեան: Դասախօսն էր՝ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Անդրանիկ Աբեղայ Քիւրիւմեան, նիւթ ունենալով «Սուրբ Պատարագ»ը:
Ընկհ. Սիրան Ամպարճեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբը տարիներ շարունակ եղած է ջահակիրը հայ մշակոյթի պահպանման եւ ստեղծած է պատշաճ առիթներ, մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ կնոջ ծանօթացնելու մեր ազգային եւ համամարդկային արժէքները։ Սոյն մեկնակէտէն առաջնորդուելով, յանձանախումբս կազմակերպեց այս դասախօսական շարքը:
Ան աւելցուց ըսելով, թէ Մեծ Պահոց շրջանը միջոց մըն է պատրաստութեան, ամբողջութեամբ ըմբռնելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնը, մեր ընթացքը վերափոխելով բարի գործերով, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը ինքնին Յարութեան կրօնք է։ Ան հրաւիրեց ներկաները Աւագ Շաբաթ մուտք գործել մեր հոգիի բոլոր պտուղներով, որպէսզի ընթանանք հոգիով, ապրինք ու պարծենանք միայն Քրիստոսով, որ սիրոյ աղբիւրն է:
Ան հակիրճ կենսագրական ներկայացնելով Հոգեշնորհ Տ. Անդրանիկ Աբեղայ Քիւրիւմեանի մասին, հրաւիրեց զինք ներկայացնելու օրուան նիւթը։
Հայր Անդրանիկ իր ուրախութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց թէ՛ Սրբազան Հօր, եւ թէ՛ ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութեան ու Դաստիարակչական Յանձնախումբին՝ այս շահեկան գաղափարը յղանալուն առիթով:
Ապա անցնելով օրուան նիւթին, ան հարց տուաւ, ըսելով. «Ի՞նչ է Սուրբ Պատարագի ետին պահուած խորհուրդը»։ Ան ըսաւ, որ գիտենք թէ գաղափարը առնուած է Աստուածաշունչին մէջէն:
«Պատարագը՝ չորս մասերէ կը բաղկանայ:
Պատրաստութիւն, Ճաշու Պաշտօն, Բուն Պատարագ եւ Արձակում:
Ան նշեց, թէ Ս.Պատարագի խորհուրդը կը սկսի «Խորհուրդ Խորին» շարականով: Պատարագիչ քահանան աւանդատան մէջ զղջման աղօթք կը կարդայ, որ մեղքերու թողութիւն ստանայ, այլ եկեղեցականի մը կողմէ զգեստաւորուելէ ետք մոմակիրներուն եւ բուրվառակիրին առաջնորդութեամբ եկեղեցի կը մտնէ եւ խորանին առջեւ ձեռքերը կը լուայ:
Ան պարզաբանելով Ս. Պատարագի հանգրուանները ըսաւ, թէ վարագոյրը գոցուելէն ետք, Աւագ սարկաւագը Ս. Սեղան կը բերէ ընծաները՝ Նշխարն ու Գինին: Պատարագիչ քահանան նախ կը կարդայ Ս. Նարեկացիէն երկու աղօթքներ, ետքը Նշխարը երկիւղածութեամբ կ՛օրհնէ և կ՛ըսէ.
«Այս յիշատա՛կ է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որ բազմելով կը հանգչի աննիւթական գահին վրայ.Ան որ յանձն առաւ խաչուիլ մարդկութեան համար, օրհնեցէ՜ք, գովեցէ՜ք եւ փառաւորեցէ՜ք զայն յաւիտեան»:
Ապա գինին լեցնելով Սկիհին մէջ կ՛օրհնէ եւ կ՛ըսէ
«Փրկագործ տնօրէնութեան յիշատակին համար, մեր Տէր Աստուծոյ եւ մեր Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի, որուն կողմէն աղբերացող արեամբ նորոգուեցան մարդիկ եւ անմահութիւն զգեցան, օրհնեցէ՛ք, գովեցէ՛ք եւ փառաւորենք զայն յաւիտեան»:
Ան ըսաւ, թէ Պատարագիչ քահանան կը խնկարկէ եւ կը հայցէ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւնը: Նաեւ Ս. Հոգիէն կը խնդրէ, որ բոլոր հաւատացեալներուն շնորհներ պարգեւէ:
Աւելցնելով, ան ըսաւ, թէ ի յիշատակ Քրիստոսի Մարդեղութեան՝ երկինքէն երկիր խոնարհելուն, Պատարագիչ քահանան խորանի աջակողմեան աստիճաններուն վրայ կ՛իջնէ բուրվառը ձեռքին, կը խնկարկէ, թափօր կը դառնայ եկեղեցւոյ մէջ, կ՛օրհնէ ժողովուրդը եւ ձախակողմեան աստիճաններէն դարձեալ կը բարձրանայ խորան։ Այս մէկը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի աշխարհ գալուստը:
Ճաշու Պաշտօն բաժինը Ս.Պատարագի առաջին մասն է, որ կը կոչուի նաեւ ԵՐԱԽԱՅԻՑ ՊԱՏԱՐԱԳ: Անցեալին անոնք որոնք չէին մկրտուած, կրնային ներկայ ըլլալ միայն Պատարագի առաջին բաժինին:
Ան շեշտը դրաւ Բուն Պատարագին վրայ, որ խորախորհուրդ պահն է։
Աւագ սարկաւագը բուրվառակիրին ընկերակցութեամբ երկիւղածութեամբ կը մօտենայ խորհրդարանին՝ կատարելու համար վերաբերում եւ Պատարագիչ քահանայէն ողջոյն ստանալով վար կ՛իջնէ փոխանցելու ողջոյնը: Այսպէս ամէն մէկ հաւատացեալ, որ կը ստանայ ողջոյնը, իր կարգին կը փոխանցէ իր կողքը գտնուողին։
Քրիստոսի ներկայութիւնը ինքնին ծնունդ կու տայ խաղաղութեան: Հոն ուր Քրիստոս ներկայ է, հոն Աստուածային սէրն ու խաղաղութիւնը կը ծաղկի: Այս սրբագործման պահը ան նմանցուց Վերջին Ընթրիքի սեղանին հաւատացեալներուն դիմաց: Քրիստոս որպէս պատարագող եւ պատարագեալ՝ սեղանին վրայ է. Ինքն է, որ կ՚ընծայէ, Ինքն է, որ կ՚ընծայուի ժողովուրդին:
Պատարագիչ քահանան իր ձեռքերուն մէջ առնելով Նշխարը կ՚ըսէ.
«Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս իմ մարմինս է, որ ձեր եւ շատերու մեղքերուն համար կը բաշխուի, որպէս քաւութիւն եւ թողութիւն»:
Նոյնպէս առնելով բաժակը կ՚օրհնէ եւ կ՚ըսէ.
«Բոլորդ խմեցէք ասկէ. այս իմ արիւնիս է, որ կը հեղու որպէս նոր ուխտ, ձեր մեղքերուն քաւութեան եւ թողութեան համար»: Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը կը կազմէ Սուրբ Պատարագի հիմնական կորիզը՝ Քրիստոսի կողմէ պատգամուած, առաքեալներուն կողմէ կիրարկուած եւ մեր եկեղեցւոյ հայրապետներուն կողմէ կանոնադրուած: Վեհագոյն եւ սրբագոյն պահն է այս, որ կը ներկայանայ հաւատացեալներուն։ Յիսուսի մարմինն ու արիւնը խորհրդանշող հացն ու գինին կ՚ընծայուին ժողովուրդին որպէս Մարմինն ու Արիւնը Քրիստոսի:
Ան աւելցնելով ըսաւ, թէ քահանան կը խնդրէ ու կ՚աղաչէ երկրաւոր Հօրմէն՝ Ամենակալէն, որպէսզի Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ Նշխարը փոխակերպուի Քրիստոսի Մարմնոյն եւ Գինին՝ Քրիստոսի Արեան:
Այս Պատարագով Հօր Աստուծոյ եւ դրախտային կեանքէն արտաքսուած մարդուն՝ Ադամորդւոյն հաշտութեան փրկագինն է, որ կը վճարուի։ Քրիստոսի Մարմինը որպէս կեանքի հաց կը բաշխուի եւ արեան հեղումը կը դառնայ աստուածային գթառատ ողորմութեան խորհրդանիշ: Իւրաքանչիւր սրտի մէջ թաղուած խնդրանք մը կամ աղերսանք մը կայ, որ այս պահուն թռիչք կ՚առնէ, աղօթքի կը վերածուի եւ եկեղեցին որպէս նոր Երուսաղէմ կ՚ընդունի հաւատացեալներուն խնդրանքները:
Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ Արձակումը Սուրբ Պատարագի չորրորդ մասն է։ Պատարագիչ քահանան որպէս վերջին խնդրանք կը ներկայացնէ հայրապետին աղօթքը եւ խաղաղութիւն կը խնդրէ ամբողջ աշխարհին համար։
Հայր Անդրանիկ հաստատեց, թէ
աղօթքը մեր կարեւորագոյն առաքելութիւնն է եւ մշտական պէտք է դարձնենք մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ աղօթքը անկարելին կարելի կը դարձնէ: Ան յայտնեց, թէ հին կտակարանին մէջ զոհաբերումը կը կատարուէր նոխազի եւ կամ անասունի ճամբով, սակայն նոր կտակարանին մէջ մենք Աստուածը կը զոհենք եւ Աստուած է որ կը մատուցենք որպէս գերագոյն ընծայ:
Քրիստոս իր արիւնը թափելով իր կեանքը տուած եղաւ։ Յիսուս իր մարմինով մաքրեց մեր մարմինով գործած մեղքերը, իսկ իր արիւնով մաքրեց մեր հոգիով գործած մեղքերը:
Ան անհրաժեշտ նկատեց մենքզմեզ քննել, մեր մեղքերը խոստովանիլ եւ Ս. հաղորդութիւն ստանալով վերանորոգուիլ։
«Աղօթքը մեր պաշտպանութեան վահանն է եւ յաճախակիօրէն պէտքէ աղօթենք», հաստատեց Հայր Սուրբը:
ՍՕԽաչի Շրջ.Վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետուհին ընկհ. Հուրի Մաղաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեշնորհ Տ.Անդրանիկ Աբեղայ Քիւրիւմեանին, այս գեղեցիկ եւ իմաստալից դասախօսութեան համար եւ այս առիթով նախշատունէն գեղեցիկ յուշանուէր մը նուիրեց անոր։
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան