ՀՄԸՄ-ի ճատրակի ընտանիքը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ ՀՄԸՄ-ական կրտսեր, հմուտ մարզիկ եղբ. Արսէն Գինեան, Շաբաթ, 20 Մարտ 2021-ին, երկարաշունչ խաղէ մը ետք կրցաւ ձեռք ձգել Սուրիոյ (10) տարեկաններու խմբաւորման առաջին պատուաւոր դիրքը՝ Սուրիոյ Ախոյեանութիւնը։