Ուղեղը կը տառապի, երբ նախաճաշ չէք ըներ, երբ մեքենայ կը վարէք եւ նոյն ատեն ձեռնահեռաձայնով կը խօսիք, երբ կը ծխէք, կը խմէք ոգելից ըմպելիներ ու անդադար կը գտնուիք գերճնշուած վիճակի մէջ: «Մենք շարունակ կը լարենք մեր ուղեղը, բայց փոխարէնը անոր  ոչինչ կու տանք»,         կը գրէ Bucataria Noastra-ն:
«Պէտք է նախաճաշել հանգիստ վիճակի մէջ՝ վայելելով իւրաքանչիւր պատառը: Ոչ մէկ անհանգստութիւն, աղմուկ, հարց ու ծխախոտային միջամտութիւններ պէտք է խանգարեն ձեր նախաճաշը:
Առաւօտեան  կարիք ունիք ջերմուժի եւ կենսանիւթերու, որոնք օրկանիզմին կ՚օգնեն արդիւնաւէտ կերպով աշխատելու օրուան ընթացքին», կը շեշտէ  վիրաբուժ Վլատ Սիուըրեան:
Ուղեղը չի սիրեր ճարպ եւ միս
Մասնագէտին համաձայն, եթէ անհրաժեշտ է միս ուտել, կերէք օգտակար մսեղէն, առանց յաւելեալ ճարպի:
«Այո՛, միսը ուղեղին ոչ մէկ օգտակարութիւն ունի, սակայն քիչ քանակով միսը կ՚օգնէ մարմինին: Նախընտրեցէք հնդկահաւի միսն ու ձուկը:
Ուղեղը չի սիրեր ճարպ, չի սիրեր աղ: Տօնական օրերուն, տարին 1-2 անգամ կարելի է օգտագործել զանոնք,  բայց ոչ յաճախակի կերպով», կ՚ըսէ բժիշկը:
Քաղցրեղէնն ալ միշտ օգտակար չէ, յատկապէս երբ ան հարուստ է շաքարով:
«Մութ գոյնի, բնական տուրմը, տաք, բնական քաքաուոն, մեղրը ամենալաւ քաղցրեղէնները կը համարուին ուղեղին համար», կը յայտնէ  վիրաբուժը:
– Ճաշը պէտք է ըլլայ հաւասարակշռուած: Ստամոքսը մի՛ լեցնէք, գիտցէք թէ որքա՛ն է ձեր ստամոքսին չափը: Աւելին՝ նախապատուութիւնը տուէք սովորական ջուրին, եւ ոչ հիւթերուն:
Ուղեղի առաւելագոյն աշխուժութիւնը առաւօտեան‘ 10:00-12:00-ի եւ յետմիջօրէի 16:00-18:00-ի միջեւ է: Եթէ ան յոգնի, կարելի է անոր քիչ մը սուրճ տալ, բայց պէտք է սուրճը դանդաղ խմել:
Ուղեղին լաւագոյն ընկերը ժպիտն է
Բժիշկը կը յայտնէ, որ ուղեղին լաւագոյն ընկերը սովորական, բոլորին համար մատչելի ժպիտն է: Անոր համար ալ շատ կարեւոր է զերծ մնալ տխրութենէ, միօրինակութենէ ու կարենալ ուրախանալ մանրուքներով:
  Անհրաժեշտ է մարզել Ուղեղը
Մոռացկոտութիւնը կը յայտնուի ոչ միայն մեծ, այլ երիտասարդ տարիքին եւս: Մոռացկոտութեան, Այզահայմըրի հիւանդութիւնը կանխելու համար  պէտք է մարզել ուղեղը:
«Ուղեղը մարզել, շփում ունենալ տարբեր միտքերու հետ, բաց ըլլալ: Այս ամէնը շատ կարեւոր է: Զբօսանք առէք, ճամբորդեցէք, նոր բաներ սորվեցէք, դիտեցէք ֆիլմեր, որոնք ոչ միայն հետաքըրքրական են, այլեւ կրնան ձեզի  բան մը սորվեցնել, խաչբառեր լուծեցէք եւ այլն:
Շարժումը եւս շատ կարեւոր է ուղեղին համար: Եթէ մենք կը շարժինք, ուրեմն գոյութիւն ունինք:Պարը, երաժըշտութիւնը, ընթերցումը ուղեղը կը հանգստացնեն:
Գիշերային լաւ քունը պէտք է տեւէ առնուազն 6 ժամ: Քունը ուղեղը կը մաքրէ թունաւոր նիւթերէ:
Նախընտրելի է քնանալ ժամը 22:00-ին, անջատել պատկերասփիւռն ու համակարգիչը քնանալէն մէկ կամ 2 ժամ առաջ: Անոնց փոխարէն գիրք կարդալ: