ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒ­ՐԵՐ ՍՈՒՐ­ԻՈՅ ՄԱՐ­ԶԱ­ԿԱՆ ԿԵԱՆ­ՔԷՆ
– Սուր­իոյ պաս­քե­թի աղջ­կանց Բ. դա­սա­կար­գի ախոյ­եա­նա­կան մր­ցում­նե­րուն, ՀՄԸՄ-ի աղջ­կանց կազ­մը 70-33 ար­դիւն­քով յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րեց: Այս յաղ­թա­նա­կով խում­բը գրա­ւեց աղիւ­սա­կին եր­րորդ դիր­քը: Կազ­մի յա­ջորդ մր­ցու­մը Լա­թաք­իոյ Հըթ­թին խում­բին հետն է:
– Սուր­իոյ տղոց պա­տա­նե­կան Հա­լէ­պի խմ­բա­կի մր­ցում­նե­րուն ՀՄԸՄ-ի կազ­մը 76-70 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատն­ուե­ցաւ Իթ­թի­հա­տէն, իսկ տղոց երի­տա­սար­դա­կան խում­բը 75-50 ար­դիւն­քով յաղ­թեց Սքա­քին:
– Դա­մաս­կո­սի Ուահ­տէ խում­բի մար­զիչ Ղա­սսան Մա­ա­թուք իր հրա­ժա­րա­կա­նը ներ­կա­յա­ցուց: Վար­չու­թիւնը կազ­մին նոր մար­զիչ նշա­նա­կեց Սուր­իոյ հա­ւա­քա­կա­նի նախ­կին մար­զիչ Այ­ման Հա­քի­մը:
– Պահ­րէյ­նի Ֆութ­պո­լի Դաշ­նու­թիւնը յա­տուկ հրա­ւէ­րով մը փա­փաք յայտ­նեց բա­րե­կա­մա­կան մր­ցում մը ու­նե­նա­լ Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նին դէմ: Զոյգ խում­բե­րուն հան­դի­պու­մի թուա­կան նկա­տի առն­ուած է 25 Մար­տը:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՄԱՆ­ՉԵՍ­ԹԸՐ ՍԻ­ԹԻՆ ՇԱ­ՐՈՒ­ՆԱ­ԿԵՑ
ԻՐ ՅԱՂ­ԹԱ­ԿԱՆ ԵՐ­ԹԸ
Անգլ­իոյ ախոյ­եա­նու­թեան 25-րդ փու­լի մր­ցում­նե­րուն, Ման­չես­թըր Սի­թին շա­րու­նա­կե­լով իր յաղ­թա­կան եր­թը 1-0 ար­դիւն­քով պար­տութ­եան մատ­նեց Ար­սե­նա­լը: Հան­դի­պու­մի 2-րդ վայրկ­եա­նին, մր­ցու­մին մի­ակ կո­լը նշա­նա­կեց Ռա­հիմ Իս­թեր­լին­կը: Այս յաղ­թա­նա­կով Սի­թին շա­րու­նա­կեց գլ­խա­ւո­րել ախոյ­եա­նու­թեան աղիւ­սա­կը 59 կէ­տով, իսկ Ար­սե­նա­լի կազ­մը 34 կէտ մնաց 10-րդ դիր­քին վրայ: Լի­վըր­փուլ իր դաշ­տին վրայ 2-0 ար­դիւն­քով պարտու­թեան մատն­ուե­ցաւ Իվըր­թո­նէն, իսկ Չել­սի-Սաու­թամբ­թըն խում­բե­րուն ճա­կա­տու­մը աւար­տե­ցաւ 1-1 հա­ւա­սա­րու­թեամբ:
ՆՈ­ՎԱՔ ՃՈՔՈ­ՎԻՉ ՏԻ­ՐԱ­ՑԱՒ
ԱՒՍՏ­ՐԱԼ­ԻՈՅ ՏԻՏ­ՂՈ­ՍԻՆ
Աշ­խար­հի ար­հես­տա­վարժ թե­նիս խա­ղա­ցող­նե­րու աղիւ­սա­կի առա­ջին դիր­քը գրա­ւող սերպ Նո­վաք Ճոքո­վիչ տիտ­ղոս մը եւս աւելց­նե­լով իր յաղ­թար­շա­ւին, պա­հեց նախ­կին տար­ուան իր կո­չու­մը եւ ան­գամ մը եւս տի­րա­ցաւ Աւստ­րալ­իոյ թե­նի­սի մըր­ցա­շար­քի ախոյ­եա­նութ­եան: Աւար­տա­կան մր­ցու­մին Նո­վաք մր­ցա­կից ու­նե­ցաւ ռուս մար­զիկ Տանի­էլ Մետ­վե­տե­ւը, որուն յա­ջո­ղե­ցաւ պար­տու­թեան մատ­նել 7-5 / 6-2 / 6-2 ար­դիւն­քով: Աւելց­նենք, որ այս 8-րդ ան­գամն է, որ Նո­վաք կը մր­ցի Մետ­վե­տե­ւին հետ, եւ հին­գը աւար­տած է իր յաղ­թա­նա­կով:
ՊԱՐ­ՍԵ­ԼՈ­ՆԱՆ ԾԱՆՐ
ՊԱՐ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ ՄԸ ԿՐԵՑ
Եւ­րո­պա­յի ախոյ­եա­նա­կան մր­ցում­նե­րու շր­ջա­գի­ծին մէջ, Քամփ Նօ դաշ­տին վրայ, Ֆրան­սա­յի Փա­րիզ Սան Ժեր­մա­նը յա­ջո­ղե­ցաւ 4-1 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նել հիւ­րըն­կալ Պար­սե­լո­նան: Մր­ցու­մին աստ­ղը դար­ձաւ Քիլ­ի­ան Մպա­պէն, որ նշա­նա­կեց երեք կոլ, իսկ սպա­նա­կան խում­բի մի­ակ կո­լը ար­ձա­նագ­րեց ար­ժան­թին­ցի Լի­ո­նէլ Մե­սին: Աւելցը­նենք, որ 2017-ին Պար­սե­լո­նան դարձ­եալ 4-0 ար­դիւն­քով պարտ­ուած էր Փա­րիզ Սան Ժեր­մա­նէն, սա­կայն դար­ձի հան­դի­պու­մին ան յա­ջո­ղե­ցաւ յաղ­թել 6-1 ար­դիւն­քով եւ անց­նիլ յա­ջորդ փուլ: Զոյգ խում­բե­րը 10 Մար­տին կր­կին պի­տի հան­դի­պին Ֆրան­սա­յի Փարք Տի Փրէնս դաշ­տին վրայ:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ