«Արցախփրէս».-Ջաւախքի Սաթխա գիւղին մէջ 24 Օգոստոսին տեղի ունեցած է Ալպերթ Իսոյեանի անունը կրող Ազգագրական թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ պետութեան պիտի փոխանցուի:
Թանգարանը կառուցուած է Իսոյեան ընտանիքին ջանքերով: Բացման ներկայ եղած են Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սարոյեան, Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Կիրակոս Վարդապետ Դաւթեան, Ախալքալաքի եւ Քումուրտոյի վարդապետ Տ. Նիքոլոզ, Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տէր Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեան, Նինոծմինտայի եւ Ախալքալաքի տեղական իշխանութիւնները եւ այլք:

Թանգարանէն ներս ցուցադրուած են շարք մը հնագոյն նմուշներ, ներառեալ հաւաքածուները, որոնք հաւաքուած են Ալպերթ Իսոյեանի կողմէ:

«Մանկութենէս, դպրոցական տարիներէս կը սիրէի հնաոճ իրեր: Երբ ժամանակի ընթացքին անոնք շատցան, յատկապէս, երբ գտնուեցան 18-րդ դարու մեր կորսնցուցած եկեղեցական գիրքերը, որոշեցի տանս մէջ թանգարանի համար սենեակ յատկացնել: Այս գաղափարը հետզհետէ այնքան զարգացաւ ու դարձաւ իսկական թանգարանի ծրագիր: Եւ այսօր ահա այս գաղափարը իրականութիւն դարձած է», պատմած է Ալպերթ Իսոյեան:

Անոր խօսքին համաձայն, թանգարանը պիտի փոխանցուի պետութեան, որ պիտի նշանակէ տնօրէն եւ աշխատակիցներ: