«Ապառաժ».-Ստեփանակերտի քաղաքապետի պաշտօնին առաջադրուած Գրիգորի Սահակեանի նախընտրական քարոզարշաւին համար նախատեսուած հանդիպումները կը շարունակուին:
26 Օգոստոսին, Սահակեան հանդիպում ունեցած է Ստեփանակերտի Ա.Շահինեանի անուան ֆիզմաթ դպրոցի եւ Ա.Իսահակեանի անուան 10-րդ դպրոցի ուսուցչական կազմին հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քաղաքապետի թեկնածուին կ’ընկերակցէին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան եւ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան:
Ներկայացնելով իր նախընտրական ծրագիրը` Գրիգորի Սահակեան հիմնականօրէն շեշտը դրած է կրթութեան ոլորտին առնչուող իր պատկերացումներուն վրայ: Սահակեան յատկապէս անդրադարձած է ուսուցիչներու ցած աշխատավարձին, նախակրթական դասարաններուն նպատակազրկութեան, գիւղական փոքր դպրոցները Ստեփանակերտի դպրոցներու հետ միացնելու, լրացուցիչ մանկապարտէզներ հիմնելու անհրաժեշտութեան եւ շարք մը այլ հարցերու:
Կրթութեան բնագաւառի ներկայացուցիչները շարք մը հարցադրումներով հանդէս եկած են` նշելով, որ Գրիգորի Սահակեան ընտրուելու պարագային փափաք ունին պարբերական հանդիպումներ ունենալ` կրթութեան ոլորտին առնչուող Սահակեանի բարեփոխումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու:
Լուսինէ Թեւոսեան