«Ապառաժ».- 26 Օգոստոսին, Գանձասարի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան գիտամշակութային կեդրոնէն ներս Մատենադարանի, Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութեան, ԱՀ Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան Գիտութեան Կոմիտէի, ԱՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան,
Մշակոյթի, Երիտասարդութեան հարցերու եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան աջակցութեամբ սկսած է «Հայոց Արեւելից Կողմանք. Պատմութիւն եւ Մշակոյթ» խորագիրով հայագիտական միջազգային գիտաժողովը:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տէր Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, գիտնականներ, մտաւորականներ եւ հիւրեր:
Գիտաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան: Ան յայտնած է, որ սոյն նախաձեռնութիւնը ունի կարեւոր գիտագործնական նշանակութիւն, որ թոյլ կու տայ աւելի առարկայական ձեւով ներկայացնել մեր պատմութեան էջերը, վեր հանել տարբեր զարգացումներու պատճառահետեւանքային կապը եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան ներկայացնել:
Նախագահը գիտաժողովը կարեւոր համարած է նաեւ երիտասարդ գիտնականներուն համար` իրենց մասնագիտական կարողոութիւններու զարգացման եւ ընդլայնման ու հետազօտութիւններու նոր թեմաներ նախանշելու տեսանկիւնէն:
Ան աւելցուցած է, որ իւրաքանչիւր ազգի համար կարեւոր է իմանալ, թէ ուրկէ սերած են իր արմատները, ինչ հետք թողած են իր նախնիները մարդկութեան պատմութեան մէջ, ինչպիսի փոխյարաբերութիւններ ունեցած են տարբեր ժողովուրդներու հետ եւ ինչ է իր առաքելութիւնը յարափոփոխ աշխարհի մէջ:
«Մենք` հայերս, ուրոյն դերակատարութիւն ունեցած ենք համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացման գործին մէջ: Արցախն ալ միշտ առանձնայատուկ տեղ գրաւած է հայ ժողովուրդին եւ հայոց պետականութեան մէջ:
Կը մաղթեմ ձեզի գործուն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք: Կ’ուզեմ հաւաստիացնել նաեւ, որ այցելութեան ընթացքին կարելիութիւն կ’ունենաք մօտէն ճանչնալու Արցախը` ստանալով դրական լիցքեր եւ ձեզի հետ տանելով մեր հողին բոյրն ու ջերմութիւնը»:
Զեկուցումներով հանդէս եկած են Հայաստանի եւ Արցախի համալսարաններու, Իտալիոյ, Շուէտի, Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Հոլանտայի գիտական կեդրոններու եւ համալսարաններու ներկայացուցիչներ:
Յասմիկ Յակոբեան