«Ապառաժ».-Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզէն ներս 26 Օգոստոսին սկսած է ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի եւ Իրանի «Թեւանիկ» բարեսիրական խումբին կողմէն միատեղ նախաձեռնուած ձեւագիտութեան եւ ասեղնագործութեան դասընթացքը:
Արցախի մէջ պատրաստուած արուեստի գործերը, ձեռային աշխատանքները Իրանի մէջ վաճառող «Թեւանիկ» խումբը պատահականօրէն չէ ձեռնարկած ձեւագիտութեան դասընթացքի:
Դասընթացքի մասնակիցներուն ձեւագիտութեան հմտութիւններ փոխանցելու նպատակով Իրանէն Արցախ ժամանած Սուետ Դանիէլեան ըսած է. «Պատրաստուած աշխատանքները պիտի վաճառենք Իրանի մէջ: Բացի ատկէ, դասընթացքը կարելիութիւն կու տայ տեղացիներուն զարգացնել իրենց հմտութիւնները` լուծելով իրենց աշխատանքի հարցը»:
Ծրագիրը Արցախի մէջ կը նախաձեռնուի 3-րդ անգամ: Մէկ շաբաթ տեւող դասընթացքին կը մասնակցին մօտաւորապէս 50 կիներ եւ աղջիկներ` Ստեփանակերտէն եւ Արցախի քանի մը շրջաններէն:
Դասընթացքի ընթացքին օգտագործուող 13 կարի մեքենաներն ու ձեւագիտութեան համար անհրաժեշտ յարակից բոլոր պիտոյքները տրամադրած է «Թեւանիկ» խումբը: ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը ծրագիրին իր մասնակցութիւնը կը բերէ շրջաններու մասնակիցներուն երթեւեկութեան ծախսը եւ դասընթացքի բոլոր մասնակիցներուն ճաշը հոգալով:
«Դասընթացքը փորձի փոխանակման եւ նոր կարողութիւններ ձեռք բերելու առիթ կ’ընձեռնէ, եւ մասնակիցներու խանդավառութենէն մեկնելով, կրնամ ըսել, որ ան կը ծառայէ իր նպատակին»,-ըսած է ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհին Արմինէ Յարութիւնեան:
Լուսինէ Թեւոսեան