«Արմէնփրէս».-27 Օգոստոսին ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Շուէտի Թագաւորութեան Ռիքստակի նախագահ Անդրէաս Նորլենի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրերըՄնացականեան գոհունակութիւն յայտնեց հայ-շուէտական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ աշխուժութեան համար`ընդգծելով, որ պարբերաբար տեղի ունեցող բարձրաստիճան այցելութիւնները եւ հանդիպումները, ինչպէս նաեւ Շուէտի խորհրդարանի նման ներկայացուցչական պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան կը վկայեն երկու երկիրներու միացեալ օրակարգերու ընդլայնումին կարեւորութեան մասին:
Նախարար Մնացականեան շուէտական պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ներքաղաքական զարգացումները եւ կառավարութեան կողմէն իրականացուող բարեփոխումները, ընդգծելով դատական համակարգի բարեփոխումը`ի խնդիր հանրային վստահութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ անկախութեան եւ անկողմնակալութեան ապահովման:
Անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած յարաբերութիւններուն` ՀՀ ԱԳՆ ղեկավարը առանձնապէս կարեւոր համարեց ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, որպէս Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու նոր, իրաւական հիմք:
Զրուցակիցներուն խնդրանքով` նախարար Մնացականեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերութիւններուն: Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ ՀՀ ԱԳ նախարարը ներկայացուց Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները` յատկապէս կարեւոր համարելով խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորումը եւ վտանգներու նուազեցման միջոցներու որդեգրումը: