Ուրբաթ, 23 Օգոստոս 2019-ին, ՍԱՆԱ վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեց, որ թրքական բանակէն 5 զօրավար, ներառեալ հիւսիսային Իտլիպի անվտանգութեան գօտիին մէջ թրքական հսկողութեան կեդրոններու պատասխանատու երկու սպայ, հրաժարական ներկայացուցած են:
Թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթին համաձայն, զօրավարները այս քայլին դիմած են, որպէս բողոք Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի նախագահութեամբ թրքական զինուորական խորհուրդին որոշումներուն: Նախապէս թրքական զինուորական ուժեր քննադատեցին Էրտողանի որոշումները, դիտել տալով որ թրքական բանակին մէջ տեղի ունեցած վերջին նշանակումներն ու պաշտօնի բարձրացումները տեղի չեն ունեցած զինուորականներու ունակութեան եւ փորձառութեան նկատառումներով: