Իրանի ԱԳ նախարար Մուհամմէտ Ճաւատ Զարիֆի անակնկալ ուղեւորութիւնը Պիարից, ամբողջովին ստուերեց ֆրանսական այս գողտրիկ բնակավայրին մէջ ընթացող G7-ի գագաթնաժողովի երկրորդ օրուան քննարկումները, ապացուցելով, որ Իրանը եւ Իրանի հետ կապուած իրադարձութիւնները «Մեծ եօթնեակ»ի քննարկումներուն առանցքը կը կազմեն:
Զարիֆի այցը Պիարից, անշուշտ կը վկայէր այն մասին, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին լուրջ քննարկումներ եւ իրադարձութիւններ տեղի ունեցած էին G7-ի գագաթնաժողովին, որոնց հետեւանքով ալ Իրանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը որոշած էր փոխել դէպի Արեւելեան Ասիա իր ուղեւորութեան ծրագիրը ու շտապել Ֆրանսա, մանաւանդ, եթէ հաշուի առնենք այն հանգամանքը, որ ան ընդամէնը մէկ օր առաջ եղած էր Փարիզ եւ լուրջ բանակցութիւններ վարած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իւ Լէ Թրիանի հետ:
Վերոնշեալ բանակցութիւնները, ի դէպ, ի յայտ բերին Իրանի վերաբերեալ Արեւմտեան ճամբարին մէջ առկայ լուրջ հակասութիւններն ու դիրքորոշումներու տարբերութիւնները: Սկիզբը Էլիզէեան պալատի աղբիւրը Reuters-ին տեղեկացուց, որ Իրանի մասին G7-ի առաջնահերթութիւնները կը մնան անփոփոխ. Իրանը պէտք չէ ստանայ միջուկային զէնք եւ պէտք է մեղմացնէ լարուածութիւնը Պարսից ծոցին մէջ: Ըստ աղբիւրին՝ նախագահ Մաքրոն լիազօրութիւն ստացած էր G7-ի անունով բանակցելու եւ ուղերձներ յղելու Թեհրանին, տեղի ունեցած քննարկումներուն հիման վրայ:
Այս տեղեկատուութեան, սակայն, յաջորդեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն յայտարարութիւնը, որ ԱՄՆ-ը սկզբունքօրէն դէմ չէ Իրանի հետ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղուած Մաքրոնի նախաձեռնութեան, սակայն Ուաշինկթըն Իրանի հարցով այլ ուղղութեամբ պիտի շարժի: Թրամփի այս յայտարարութենէն ետք, Մաքրոն պարզաբանեց, որ G7-ի առաջնորդները իրեն պաշտօնական լիազօրութիւն չեն տուած Իրանին ուղերձներ յղելու համար, յստակացնելով, սակայն, որ կան նախաձեռնութիւններ, որոնք, այնուամենայնիւ, կը շարունակեն ձեռնար-կուիլ Իրանի մասին G7-ի առաջնահերթութիւնները իրականացնելու համար:
Մաքրոնի ակնարկը կը վերաբերի իր այն նախաձեռնութեան, որ առաջին փուլով կ’ենթադրէ իրանեան քարիւղի վաճառքին նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներու որոշ մասին սառեցման դիմաց, Իրանի կողմէ միջուկային գործարքով սահմանուած իւրանիոմի հարստացման մակարդակը գերազանցելու որոշման սառեցումը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Զարիֆի՝ պիարիցեան բանակցութիւններուն, տեղեկատուական արտահոսքը կը վկայէ այն մասին, որ Իրան մերժած է Մաքրոնի առաջարկած նախագիծի շրջագիծէն ներս իր հրթիռային ծրագիրին եւ տարածաշրջանային ազդեցութեան մասին բանակցութիւնները, միաժամանակ պահանջելով օրական առնուազն 700 հազար բարել քարիւղի վաճառքի երաշխաւորուած կարելիութիւն, եւ, բնականաբար, անկէ գոյացած գումարներու անարգել իւրացում:
Իրանի նման կարծր դիրքորշումը տրամաբանական է: Պարզամտութիւն կ’ըլլայ ենթադրել, թէ Իրան կրնայ հրաժարիլ ապագայ բանակցութիւններուն իր գլխաւոր յաղթաթուղթէն եւ յենման վստահելի կէտէն: Պատճառը պարզ է. տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն ընթացքն ու զարգացման տրամաբանութիւնը կը վկայեն, որ գոնէ տեսանելի ապագային Իրանը պիտի ունենայ որոշակի առաւելութիւն, եւ շահագործէ առաւել մեծ կարելիութիւն, որն ալ պայմանաւորուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, Արեւմտեան կողմին եւ անոր տարածաշրջանային դաշնակիցներուն թոյլ դիրքերով:
Այդուհանդերձ, Զարիֆի Պիարից կատարած ճամբորդութիւնը կը վկայէ, որ թէ՛ Իրան, թէ՛ Արեւմտեան տէրութիւններ (բացառութեամբ ԱՄՆ-ի) կը փորձեն օգտագործել դիւանագիտութեան ողջ ներուժն ու վերջին կարելիութիւնները՝ Միջուկային համապարփակ համաձայնագիրը փրկելու եւ առկայ լարուածութիւնը թօթափելու համար:
Առաջադրանք, որ կը թուի չափազանց բարդ ըլլալ: Դիւանագիտութիւնը կը յաջողի՞ արդեօք լուծել գորդեան հանգոյցի վերածուած այս թնճուկը, թէ ոչ. ժամանակը ցոյց կու տայ:
Արամ Շահնազարեան
«Ալիք»