«Թերթ».-Տիարպեքիրի ընտրուած քաղաքապետ Սելճուք Մըզրաքլըն պաշտօնազուրկ ընելու եւ անոր փոխարէն պաշտօնակատար նշանակելու 13-րդ օրը ամբողջացած է: gazeteduvar.com.tr կը յայտնէ, որ Տիարպեքիրի քաղաքապետի պաշտօնակատարին դէմ ցոյցեր կը կատարուին:
Ցոյցերուն կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան:
Ցույցեր տեղի կ’ունենան նաեւ Վան եւ Մարտին քաղաքներուն մէջ, ուր նոյնպէս պաշտօնակատարներ նշանակուած են՝ ընտրուած քաղաքապետներուն փոխարէն:
Նախատեսուած է, որ 31 Օգոստոսին Իսթանպուլի քաղաքապետ, ընդդիմադիր Ժողովուրդի Հանրապետական Կուսակցութեան անդամ Էքրէմ Իմամօղլու պիտի հանդիպի պաշտօնազուրկ եղած Սելճուք Մըզրաքլըիի հետ:
Յիշեցնենք, որ ներքաղաքական ճգնաժամը ի յայտ եկած է 19 Օգոստոսին, երբ Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն պաշտօնազուրկ եղած են Տիարպեքիրի քաղաքապետ Սելճուք Մըզրաքլըն, Վանի քաղաքապետ Պետիա Օզգէօքճէ Էրթան եւ Մարտինի քաղաքապետ Ահմետ Թուրքը, որոնք երեքն ալ մեղադրուած են յատկապէս Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կազմակերպութեան մը ի նպաստ քարոզչութիւն ընելնուն համար: