«Արցախփրէս».- ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը նախազգուշացուցած է, որ հրադադարի խախտումը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ՝ վերջինիս հարաւը, «կրնայ նոր հակամարտութեան յանգեցնել, ուստի կողմերէն ոչ մէկը կամ տարածաշրջանի ոչ մէկ երկիր կրնայ թոյլ տալ նման երեւոյթի յառաջացման»:
Խորհուրդին նախազգուշացումը Ֆրանսսյի մէջ ընդունուած էմիաձայն բանաձեւով, որուն համաձայն մինչեւ 31 Օգոստոս 2020-ին ՄԱԿ-ը 10 հազար 500-ով պիտի երկարացնէ խաղաղարար ուժերու հրամանատարութիւնը Լիբանանի հարաւին:
Անվտանգութեան Խորհուրդը կոչ ուղղած է բոլոր կողմերուն «զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ ձեռնպահ մնալու որեւէ գործողութենէ եւ հռետորաբանութենէ, որոնք կրնան սպառնալ զինադադարին կամ ապակայունացնել տարածաշրջանի իրավիճակը»: