Իբրեւ 9-րդ կարգը վերջերս աւարտած աշակերտ նախորդ տարի հետաքրքրական փորձառութիւն մը ապրեցայ։
Ժամանակի սլաքները ետ տանելով դէպի 2018 թուականի ամառը, երբ հոգեպէս կը պատրաստուէի այնքան դժուար եւ նոյնքան հաճելի 9-րդ կարգը դիմաւորելու։ Լսած էի իրար հակասող շարք մը խօսքեր այս կարգին մասին: Մէկը կ’ըսէր, որ սովորական տարի մըն է պռովէն, իսկ միւսը՝ իսկական դժոխք: Տակաւին զուտ կատակերգական խօսքերով կ’ըսէին, թէ «Այն մարդը, որ պռովէի քննութիւն կը յանձնէ անպայման հոգեկան խանգարում կ’ունենայ»: Այս խօսքերը զիս կը մտահոգէին…:
Արդեօք ես պիտի կրնայի՞ դիմանալ այս չարաբաստիկ դասարանի հոգերուն, պիտի կրնայի՞ ըլլալ առաջին անձը, որ առանց հոգեկան հարցի պիտի աւարտէ պռովէն…։
Այս հարցումները զիս կը տանջէին: Երբ կը մտաբերէի այս վախազդու խօսքերը սիրտս ակամայ արագ կը տրոփէր եւ շնչասպառ կ’ըլլայի։ Չզարմանաք, բնաւ չեմ չափազանցեր։
Անցան ամրան քաղցր օրերը: Հասած էր պռովէին հետ մենամարտի սկիզբը: Սա առաջին լուրջ կեանքի պայքարն է իւրաքանչիւր 15-ամեայ պատանիի համար։ Վայրկեանները, օրերը եւ ամիսները թաւալեցան եւ ես համոզուեցայ, որ պռովէն այդքան ալ դժուար բան չէ. ոմանց կարծիքին համաձայն քանի մը գիրք կուլ տալու պէտք չունէի, պարզապէս օրը օրին պիտի սորվէի դասերս։ Սովորաբար դպրոցը մեզ երկու ամսուան տեւողութեամբ քննութեան նախապատրաստուելու արձակուրդ տուաւ: Այդ շրջանը լուրջ աշխատանքի շրջան էր: Հարցարաններ լուծել, վերաքաղել սորված դասերս, ճաշե՞լ, ո՜չ… այդ վայրկեաններն ալ դասի յատկացնել։ Եւ ահա հասաւ սպասուած պահը՝ պետական քննութեան առաջին օրը։ Ոլոր-մոլոր ճամբաներէ հասանք հին թաղամաս մը, ուր կը գտնուէր մեր քննութիւն յանձնելու դպրոցը։ Ծուռ դէմքեր, սարսափած մարդիկ…։ Մտնելով դասարան խաչակնքեցինք եւ իւրաքանչիւրս նստաւ իրեն յատկացուած նստարանին: Բոլորը կը փորձէին թաքցնել իրենց վախը ու անհոգ ձեւանալ։ Առաջին քննութիւնը հեզասահ ընթացաւ, ինչ որ մեզ հոգեկան հանգստութիւն պարգեւեց։ Անցան 2-րդ, 3-րդ… եւ բոլոր քննութեան օրերը, հասանք վերջին օրուան: Անհաւատալի թող չթուի, բայց այդ բոլորը կրկին ապրելու տենչ մը կը բորբոքէր ներսիդիս:
Սիրելի՛ դասընկերներ,
Քննութեան առթած սկզբնական վախը բնական է, մի՛ մտահոգուիք: Այդ վախը յաջորդ օրն իսկ կը չքանայ։
Արդիւնքին սպասելը աւելի մտահոգիչ ու տագնապալի շրջան էր: Վերջապէս արդիւնքները յայտարարուեցան: Ոմանք նեղուեցան, ուրիշներ ուրախացան, ոմանք իրենց ակնկալած նիշը չստացան:
Այս բոլորը սովորական երեւոյթներ են սակայն:
Մեզի կը մնայ աշխատիլ եւ հաւատալ, որ ամէն գնով պիտի հասնինք մեր երազանքին: