«Արցախփրէս».-Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող արտասահմանի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպաններն ու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները, ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ, 1 Սեպտեմբերին այցելած են հիւսիսային զօրամասերէն մէկը:

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութեան համաձայն, դեսպաններն ու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները շրջագայած են  զօրամասին մէջ, ծանօթացած են հրամանատարութեան ու ժամկէտային զինծառայողներուն հետ, ինչպէս նաեւ մօտէն հետաքրքրուած են անոնց ընկերային-կենցաղային պայմաններուն, պատասխանելով անոնց հետաքրքրող հարցերուն: