Քսանութ տարի առաջ` 2 Սեպտեմբեր 1991-ին, ատրպէյճանական զինուժի չդադրող յարձակումներուն եւ հրետակոծութիւններուն ներքոյ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ պատգամաւորներու մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդի միատեղ նստաշրջանը:
Պատմական այդ նստաշրջանը հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի հերթական փուլի եզրափակումն էր եւ, միեւնոյն ժամանակ, որակապէս ու բովանդակութեամբ նոր փուլի սկիզբը: Նստաշրջանն ընդունեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին» հռչակագիրը` այդպիսով ի լուր աշխարհի ազդարարելով հայկական երկրորդ պետականութեան ծնունդը:
ԼՂՀ անկախութեան հռչակագիրը ոչ միայն եկաւ հաստատելու, որ ԼՂՀ հայ բնակչութիւնը չի հանդուրժեր իր մարդկային եւ ազգային արժանապատուութեան նկատմամբ որեւէ ոտնահարում, այլեւ իր քաղաքական իրաւունքներուն տէրն է եւ ունի կամք ու վճռականութիւն` իւրացնելու զանոնք: Յառաջիկային Հայոց երկրորդ պետականութեան ձեւաւորման դժուար, բայց ինքնավստահ եւ աննահանջ քայլերն էին:
Նոյն թուականի 10 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած հանրաքուէն` մասնակիցներու 99%-ի վճռական համոզումով, հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Հանրաքուէին հետեւած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրուեցաւ ԼՂՀ խորհրդարանը, որն ալ կազմեց առաջին կառավարութիւնը:
Արցախի Հանրապետութիւնը այսօր քսանութ տարեկան է․ յամառ պետականաշինութեան, նուիրումի, զոհաբերութիւններու, ձեռքբերումներու, շարունակուող պայքարի ու կերտումի քսանութ տարիներ:
Անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը անսակարկելի արժէքներ են: Որքան ալ թանկ ըլլայ այդ գինը, նահանջ չկայ. սա է մեր սրբազան սահմանները պահող հայ զինուորին համոզումն ու ուխտը, սա ամբողջ հայ ժողովուրդին համոզումն է, մեզ` համայն հայութեան միացնող անքննելի գաղափարը:
Արցախը շարունակելու է մնալ մեր համահայկական օրակարգերուն առաջնահերթութիւնը, մեր համազգային նուիրումին ճակատը` ամրագրելու անոր զարգացումն ու արդար դատը:
Շնորհաւոր Արցախի եւ համայն հայութեան տօնը, հայկական երկրորդ պետականութեան անկախութեան տօնը:

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ
2 Սեպտեմբեր 2019