Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի անդամները 2 Սեպտեմբերին այցելեցին Եռաբլուր եւ ծաղիկներ զետեղեցին Արցախի ազատագրութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հայորդիներու գերեզմաններուն վրայ:
Արժեւորելով Արցախի ազատագրութեան համար մարտնչած հայորդիներուն թողած աւանդը` ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ այսօրուան անորոշութիւնը կրնայ անընդունելի եւ անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ, ուստի անգամ մը եւս պէտք է բոլորը հասկնան, որ Եռաբլուրի մէջ հանգչած հերոսներուն արիւնը մեզի համար բացարձակ արժէք է եւ ամէն տեսակ շահարկումներէ վեր է: «Պէտք է զարգանալ` չզիջելով: Արցախի ներկայ սահմաններուն պաշտպանութիւնը, հզօրացումը, Արցախի վերաբնակեցումը կենսական անհրաժեշտութիւն է հայ ժողովուրդին անվտանգութեան եւ շարունակականութեան համար», յայտնեց Իշխան Սաղաթէլեան: