Այս տարի եւս մեծ շուքով և հոգեպարար արարողութիւններով յիշատակուեցաւ Ս.Աննայի ուխտի օրը, հեռու սրբուհիին հարազատ հողատարածքէն՝ Եագուպիէ գիւղէն, եւ իր անուամբ սրբակոչուած եկեղեցիէն։ Գիւղի Թաղական Խորհուրդը եւ Ս.Աննայի Եղբայրակցութեան Վարչութիւնը կազմակերպեցին երկօրեայ ուխտի օր հայահոծ Քեսապի Քարատուրան գիւղի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Շաբաթ, 31 Օգոստոս 2019-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ կիրակնամուտի հոգեպարար արարողութիւն, ապա աղօրհնէք , ձեռամբ Արժ.Տ.Նարեկ Քհնյ. Զերենցևանի: Ապա կատարուեցաւ ոչխարներու զենում, որպէսզի պատրաստուէր տօնին նուիրուած աւանդական Հարիսան, ներկայութեամբ բազմաթիւ ուխտաւոր հաւատացեալներու։
Կիրակի, 1 Սեպտեմբեր 2019-ին Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Զերենցեան: Շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց Քեսապի դպրաց դասը: Ապա Տէր Նարեկ օրուան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, իսկ քարոզէն ետք խօսք առաւ Եագուպիէի Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Ճապրա Պիթար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արժ. Տ. Նարեկ Զերենցեանին, դպրաց դասուն, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան, Քարատուրանի գիւղապետին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան տօնի երկօրեայ արարողութիւններուն եւ կազմակերպական աշխատանքներուն։ Ճապրա խաղաղութիւն մաղթեց Սուրիական Հայրենիքին, ուժ, կորով եւ իմաստութիւն երկրիս վսեմաշուք նախագահ Պաշշար ալ Ասատին եւ սուրիական քաջարի բանակին։
Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, եկեղեցական թափօրին ընկերակցութեամբ ուխտաւորները ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր կատարուեցաւ պատրաստուած Հարիսային օրհնութիւնը։ Քեսապի ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը տօնական մթնոլորտ ստեղծեց Սուրիական Հայրենիքին քայլերգը եւ ազգային երգեր նուագելով։
Յիշենք, որ Եագուպիէի Թաղականութիւնը յատուկ փոխադրամիջոցներ ապահոված էր Լաթաքիոյ ուխտաւորները Քեսապ հասցնելու համար։