«Ապառաժ».- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վահրամ Պալայեան մեկնաբանելով 2 Սեպտեմբերի խորհուրդը ըսած է.«2 Սեպտեմբերը Դաշնակցութեան համար միշտ փառաւոր ու մեծ տօն համարուած է, որովհետեւ դարեր շարունակ բազմաթիւ սերունդներու երազածը վերջապէս իրականացած է, որուն շնորհիւ մենք ունինք երկու հայկական պետութիւններ` Արցախի Հանրապետութիւն եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն»:
Վահրամ Պալայեան դիտել տուած է. «Մենք կը հաւատանք, որ Դաշնակցութիւնը պետականութեան ամրապնդման համար ընելիքներ ունի: Միայն պետականութիւնը ամրապնդելու, միջազգային ճանաչման գործընթացը աշխուժացնելու միջոցով կրնանք իրականացնել այն տղոց երազանքը, որոնք անկախութեան ու պետականութեան համար իրենց կեանքը նուիրած են:
Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ է 1988-ի խորհրդանիշին` Միացեալ Հայաստանի գաղափարին, մենք այդ ճամբով պիտի քալենք ազատ, անկախ, հետագային ճանչուած երկիր ունենալու համար»: