ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»ի հետ զրոյցի ընթացքին, շնորհաւորելով հայ ժողովուրդը ԼՂՀ հռչակման օրուան առիթով, անդրադարձած է նաեւ 1920-ին տեղի ունեցած Շուշիի հայութեան ջարդերուն 100-րդ տարելիցին:
«Ատրպէյճանի մարդատեաց, ցեղասպանական ծրագրերուն վերջ տրուեցաւ 1991 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումով եւ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին Արցախի յաղթանակով: 1920 թուականի Մարտի օրերուն Շուշին կրակի ենթակայ դարձաւ Ատրպէյճանի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան կանոնաւոր բանակին եւ գազազած թաթարական ամբոխին կողմէն: Հազարաւոր հայեր կոտորուեցան, ողջ մնացածները իրենց սեփական երկիրին մէջ տարագիր դարձան: Սոյն արարքով Ատրպէյճան փորձեց վերջ տալ 1918-ին ստեղծուած Արցախի անկախ պետականութեան:
Շուշիի հայութեան ջարդերը անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ Ատրպէյճան, անկախ կառավարման համակարգէն, մօտաւորապէս մէկ դար անդադար, հետեւողականօրէն հայաթափման քսղաքականութիւն կը փորձէր վարել:
Համոզուած եմ, որ անհրաժեշտ է պետական մակարդակով յիշատակել սոյն ողբերգական դէպքերուն հարիւրամեակը, օր առաջ ստեղծելով համապատախան յանձնաժողով»:
Աւելցնենք, որ Շուշիի ջարդերը տեղի ունեցած են 22 -26 Մարտ 1920-ին: Թուրքիոյ Հանրապետութեան բանակին եւ անոր աջակցութիւնը ստացող, Արցախի մէջ բնակող թուրքերու (թաթարներու) եւ քրտական առանձին խմբաւորումներու ձեռամբ կազմակերպուած է Շուշի քաղաքի հայ ազգաբնակչութեան կոտորածը, տեղահանութիւնը, գոյքի եւ անձնական ունեցուածքի ոչնչացումը եւ թալանը:
Հայ ազգին հանդէպ կատարուած ոճրագործութեան հետեւանքով Արցախի հայերուն քաղաքական, տնտեսական, մշակութային կեդրոնը հայաթափուեցաւ եւ աւելի քան 20.000 հայ սպանուեցաւ:

Լ.Թեւոսեան