Շարիքայի արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի գրասենեակի նախագահ Ապտալլա Սուլթան Աուէյս յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ ներդրումային ծրագիրներու համաձայնութիւն գոյացած է, յատկապէս ջերմուժի եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ:
Աուէյս «Ուաթան»ի թղթակիցին յայտնեց, որ ներդրումներու ծրագիրը առիթ պիտի ընծայէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մասնաւոր հատուածին Սուրիոյ մէջ ներդրում կատարելու, աւելցնելով, որ Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէսը մղեց ներդրումային լուրջ քայլեր առնելու: