«Ասպարէզ».- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ անոր Կլենտէյլի, Պըրպենքի, Հոլիվուտի եւ Լա Քրեսենթայի մասնաճիւղերուն ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան Քոնկրեսի արձակուրդին առիթով Քալիֆորնիա գտնուող քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ, քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։ «Մեզի համար մեծ արժէք ունի քոնկրեսական Շիֆի հետ յարաբերութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ան կը ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ 28րդ ընտրատարածքը, որ ունի մեծ թիւով հայութիւն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի փոխատենապետ իրաւաբան Րաֆֆի Գասապեան՝ աւելցնելով. «Երկար տարիներ, քոնկրեսական Շիֆ Քոնկրեսի սրահներուն մէջ ջատագովը եղած է Հայկական Հարցին եւ պիտի շարունակենք գործակցութեան նոր միջոցներ փնտռել սերտացնելու համար Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ-Արցախ յարաբերութիւնները»։ Հանդիպումին ընթացքին, Հայ Դատի մասնաճիւղերուն ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տուին իրենց շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած եւ ծրագրուող նախաձեռնութիւններուն եւ համայնքներու կարիքներուն մասին։ Քննուեցան նաեւ Շիֆի հեղինակած, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ վնասուց հատուցում պահանջող թիւ 296 բանաձեւին վաւերացումը, ինչպէս նաեւ Արցախին յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու ջանքերը. Շիֆ անգամ մը եւս խոստացաւ նեցուկ կանգնիլ այդ առաջնահերթութիւններուն։