Ամուլսարը միայն հանքարդիւնաբերութեան հարց չէ: Հակառակ դատարկ ապարներու լցակոյտեր, ճարտարագիտական-երկրաբանական երկայն եւ լայն կտրուածքներ, հորատանցքեր, աղտեղութեան ֆիզիքամեքենագիտական յատկութիւններ ու բազմաթիւ այլ լուրջ բառեր հասկնալի չեն ոչ միայն թերի միջնակարգ կրթութիւն ունեցողին, այլեւ գիտական կոչում ունեցող շատ բանասէրներու: Կը թուի, թէ այս հարցով պէտք է զբաղուին միայն հանքարդիւնաբերողները, որովհետեւ միայն անոնց համար հասկնալի է այս բարդ եզրոյթներու մեկնաբանութիւնը…
Ամուլսարը միայն առողջապահական կամ բնապահպանական հարց չէ: Թթուային ցամաքում, խաժիթներ,ծծմբային հանքանիւթեր, ջրաբաշխական հաղորդականութիւն,… օտարահունչ եզրոյթները հասկնալու համար մասնագիտական գիտելիքներ պէտք են, ու նոյնիսկ Սորպոն աւարտած փիլիսոփան ասոնցմէ շատ բան չի հասկնար: Ամուլսարը միայն տնտեսական կամ իրաւական հարց չէ: Միայն տնտեսագէտները կրնան հումքային որոշել ոսկիի ապագայ արժէքին սակարանը, հաշուարկել հանքի շահագործման զուտ զեղչուած արժէքը: Հասարակութիւնը այդքան գիտելիք չունի: Ձգենք, որ տնտեսագէտները ու իրաւաբանները հարցը լուծեն: Ամուլսարը աշխարհայեացքի հարց է, արժէքային համակարգի հարց է, երկրի ապագայի տեսլականի հարց է: Իսկ մենք բոլորս ըսելիք ունինք:
Հայաստանը բոլորիս երկիրն է, ու ամէնքս պարտաւոր ենք ընտրութիւն կատարել, թէ որ ճամփով կ’ուզենք, որ Հայաստանը ընթանայ: Ինչպիսի՞ տնտեսութիւն կ’ուզենք ունենալ, ի՞նչ երկիր կ’ուզենք կառուցել: Մէկ կողմէն` հզօր աջակցութիւն վայելող հանքարդիւնաբերող, որ միլիոններ տրամադրուած է, որ միլիարտներ աշխատի: Միւս կողմէն` առողջարանային զբոօսաշրջիկութիւն, հիւրանոցներ, փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններ, հարիւրաւոր անհատներ, որոնք իրենց բնակարանները վարձքով կու տան զբօսաշրջիկներուն կամ բուժման եկածներուն: Միլիարտներու՞ աշխատանք է: Անշուշտ` ոչ: Բայց համեմատաբար համեստ գումարները կը մնան Ջերմուկի, Հայաստանի մէջ, կը բաշխուին հարիւրաւոր, հազարաւոր բնակիչներու միջեւ: Միլիարներու ո՞ր մասը պիտի վերադառնայ Հայաստան, իսկ ո՞ր մասը կը ծառայէ օտար հաշիւներուն, կը դառնայ վիլլաներ ու զբօսանաւեր: Աշխատատեղեր, հարկեր, ռոյալթիներ (տնտեսագէտին կանչեցէք, թող բացատրէ, ինչ է)… Այո՛, կարեւոր հարցեր են: Չնուազող արտագաղթի պայմաններուն ամէն մէկ աշխատատեղ հաշիւ է, մէկ մարդու, մէկ ընտանիքի ճակատագիր է: Բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ տասը, քսան, երեսուն տարի յետոյ: Ին՞չ կը մնայ սարէն ու Ջերմուկէն տասը, քսան, երեսուն տարի յետոյ, նոյնիսկ եթէ որեւէ բնական ջրհեղեղ չըլլայ, ու թոյնը Սեւան չլեցուի: Սա է հարցը` բոլորիս ընտրութեան խնդիրը: Ինչպիսի՞ տնտեսութիւն կ’ուզենք, ի՞նչ երկիր կ’ուզենք: Կանաչ, կայուն զարգացող, ներառական տնտեսութիւն, թէ՞ երկրի ընդերքը քամող հանքարդիւնաբերութիւն, որմէ եկած միլիարները շատ քիչերը կը վայելեն: Այս հարցին մէջ բոլորս ոչ թէ իրաւունք, այլ արտայայտուելու պարտաւորութիւն ունենք:
Որպէս վերջաբան
Կրնաք ըսել`համատեղում պիտի չըլլա՞յ: Բնութիւնը, որպէս աղբիւր, ոսկին ալ: Պատերազմ է, աղէտի գօտին տակաւին ամբողջովին չէ վերականգնուած, նոր ներդրումներ չկան , չենք կրնար մեզ այս ճոխութիւնը արտօնել եւ ապա հրաժարիլ: Ինչու՞ չհամատեղենք: Եթէ կարելիութիւն ըլլար` լաւ կ’ըլլար, բայց շա՞տ դէպքեր գիտէք, երբ հանքն ու առողջարանը իրարու քով են: Կ’ըսէք` գեղեցիկ կը խօսիս, բայց տասը տարի առաջ պէտք էր ասոր մասին խօսիլ, անցածը արդէն անցեր է, Լիտիան միլիոններ ծախսած է: Ո՞ր մէկը ճիշդ է` սխալ ճամբու կէսէն ետ դառնալը, թէ՞ շարունակել ճանապարհը` պատճառաբանելով, որ ետ դարձը ծախսատար է… Բազմաթիւ հարցեր կան, որոնց պատասխանները տակաւին չեն տրուած: Ինծի ճիշդ հասկցէք, ես սկզբունքով դէմ չեմ հանքարդիւնաբերութեան: Հողին տակ հարստութիւն չեն պահեր: Բայց հանքարդիւնաբերութիւնը պէտք է ըլլայ պատասխանատուութեամբ, պէտք է բացառուի որեւէ անկառավարելի վտանգ:
Հանքարդիւնաբերութենէն եկած եկամուտը, եթէ ոչ` ամբողջութեամբ, գոնէ զգալի մասով պէտք է վերադառնայ Հայաստան: Հանքարդիւնաբերութենէն պիտի շահի ազդակիր համայնքը, ողջ երկիրը: Ունի՞նք այս պայմանները: Չեմ կարծեր:

Արթուր Խաչատրեան
ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար, Շիրակի նախկին մարզպետ
«Առաւօտ» օրաթերթ 03.09.2019