Լիբանանեան «Lebanondebate.com» կայքը կը հաղորդէ, որ Պէյրութի մէջ Թուրքկիոյ դեսպանատան դարպասին վրայ փակցուած է Թուրքիոյ դրօշակը`  վրան պատկերուած գանկով` հետեւեալ գրութեամբ. «Դուք ձեր տեղը նստէք»:

Լրատուական կայքը իր հրապարակումին մէջ կը յայտնէ, որ գանկը կը խորհրդանշէ Օսմանեան Թուրքիոյ արիւնարբու կերպարը:

Աղբիւրին համաձայն, պաստառը փակցուած է  խումբ  մը լիբանանցի երիտասարդներու կողմէն` ի պատասխան Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան` Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի յայտարարութեան մասին տարածած կոպիտ հաղորդագրութեան:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւն յառաջացած էր, երբ Լիբանանի նախագահը «Մեծ Լիբանանի Հանրապետութեան» հիմնադրման օրուան առիթով անդրադարձած էր առաջին աշխարհամարտին Օսմանեան Կայսրութեան պարտութեան, որմով Լիբանանի պատմութեան մէջ նոր փուլ սկսաւ, եւ Լիբանան անկախութիւն ձեռք բերաւ:

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Լիբանանի նախագահին գրառումը որակած էր  անպատասխանատու եւ օսմանեան ժամանակաշրջանին հանդէպ կանխակալ, անհիմն յղումներով յայտարարութիւն, ուր Օսմանեան պետութիւնը ներկայացուած է որպէս ահաբեկչական պետութիւն: