«Եւրոնիւզ» կայքը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները դատապարտած են Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի կողմէն Սուրիոյ հիւսիսը կատարուած միատեղ սպառազինումը:
Դամասկոսի կառավարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ յիշուած է, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան սահմանը կատարուած թուրք-ամերիկեան միատեղ սպառազինութիւնը երկրի ինքնավարութեան բացայայտ խախտում է:
Իսկ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ յիշուած է, որ այս քայլը կը խախտէ նաեւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը:
Թրքական եւ ամերիկեան զինեալ ուժերը 8 Սեպտեմբերին Սուրիոյ հիւսիսը` Եփրատ գետի արեւելեան շրջանը անվտանգ գօտի ստեղծելու աշխատանքներու առաջին փուլի առաջին միատեղ սպարազինութեան աշխատանքը իրագործած են:
Անվտանգ գօտի ստեղծելի մասին 2013 թուականին ԱՄՆ-ի մէջ առաջին անգամ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան: Ծրագիրին համաձայն, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով երկիրը լքող սուրիացիներուն համար պիտի ստեղծուի տարածք մը, ուր պիտի ապահովուի անոնց անվտանգութիւնը: Այդ տարածքէն պէտք է հեռացուին Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան եւ միւս նմանատիպ կազմաւորումներուն զինեալները: