«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Սուրիոյ հիւսիսը` Եփրատէն արեւելք անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորման համար ԱՄՆ-ին վերջնաժամկէտ սահմանած է մինչեւ Սեպտեմբերի վերջը: Յիշենք, որ Թուրքիան եւ ԱՄՆ-ն անվտանգութեան գօտիի ստեղծման աշխատանքները համակարգող միատեղ կեդրոն ստեղծած են:
Էրտողանի համաձայն, եթէ մինչեւ Սեպտեմբերի վերջը Եփրատի արեւելքը թուրք զինուորներու մասնակցութեամբ գործնականօրէն անվտանգութեան գօտի չձեւաւորուի, Թուրքիա սեփական նախագիծով պիտի առաջնորդուի: Էրտողան շեշտած է, որ անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորման հարցը 3-5 անգամ ուղղաթիռներու թռիչքներով, կամ 5-10 զրահամեքենայով սպառազինման գործողութիւն կատարել չէ, այլ տարածքին մէջ գտնուող բոլոր բնակավայրերը, ամբողջ տարածքը անվտանգ դարձնելն է:
Էրտողան տեղեկացուցած է, որ Սուրիոյ հիւսիսը ԱՄՆ-ի հետ միատեղ աշխատանքները անվտանգութեան գօտիի ստեղծման շուրջ կը շարունակուին : Թուրք-ամերիկեան բանակցութիւններու ընթացքին նկատուած է, որ անվտանգութեան գօտիին շուրջ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի պատկերացումները տարբեր են:
Անդրադառնալով անվտանգութեան գօտիի թրքական ընկալման, Թուրքիոյ նախագահը յայտնած է, որ տարածքը պէտք է մաքրուի «PKK-ի զինեալներէն եւ անոր թեւը համարուող ուժերէն» (Էրտողան նկատի ունի Սուրիոյ քրտական ուժերը) եւ այդ տարածքին վրայ պէտք է վերաբնակեցուին Եւրոպա եւ այլ վայրեր գաղթած սուրիացի փախստականները:
Էրտողան փախստականներու հարցին մասին խօսելու ընթացքին անուղղակիօրէն սպառնացած է նաեւ Եւրոպային. «Եթէ այս պայքարի ընթացքին մեզի անհրաժեշտ աջակցութիւն չցուցաբերուի, Թուրքիոյ մէջ գտնուող 3 մլն. 650 հազար սուրիացիները, ինչպէս նաեւ Իտլիպէն 2 մլն. մարդու ակնկալուող ներհոսքը չենք կրնար կանգնեցնել»: