Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ «Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ Ճեզիրէի շրջանին մէջ ամերիկա-թրքական միացեալ սպառազինումը, զայն համարելով միջազգային օրէնքին եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան խախտում։
Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հանդէս եկած է հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ ըսած է. «Ըստ համաձայնութեան, Կիրակի առաւօտեան փոխադրակառքերը մեկնեցան Թէլ Ապիատ, ապա դէպի հարաւային բաժին»:
Միւս կողմէ, ենթարկուելով Ամերիկա-թրքական բռնատիրութեան պահանջներուն` նախօրօք ՔԱՍԱՏ-ի սուրիական ժողովրդվարական ուժերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց կարելին ի գործ դնել ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ համաձայնութիւնը յաջողութեամբ պսակելու համար: Անոնք այս ծրագրին գործնական աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրուակով ոչնչացուցին իր թաքստոցներն ու զէնքերը եւ սկսան քրտական խմբաւորումները դուրս հանել Թէլ Ապիատէն եւ Ռաս ուլ Այնէն։