ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մէջբերեց «Ալարտ»ի այն մտավախութիւնները, որ Ամուլսարի ծրագիրին առաջին հարուածը պիտի ստանայ Որոտանը, այնուհետեւ ջրաղբիւրները՝ թէ՛ ստորգետնեայ, թէ՛ մակերեւութային, ինչու չէ՝ նաեւ Սեւանը:
Ան ընդգծեց, որ եթէ միջազգային անկախ փորձաքննութիւնը հաստատէ, որ երկրաբանութեան եւ ջրաբանութեան ուղղութիւններով կան վտանգներ եւ անոնք յաղթահարուած չեն, որեւէ միջազգային իրաւարար կողմ չի կրնար Հայաստանը պատժել:
Դաշնակցութեան դիրքորոշումն այն է, որ հանքի փորման աշխատանքները պէտք չէ շարունակուին, մինչեւ միջազգային հեղինակաւոր որեւէ կազմակերպութիւն ամբողջական հետազօտութիւն չիրականացնէ: Իսկ այդ ընթացքին «Լիտիան»ը պէտք է հետեւի, որ այսօրուան վնասակար ազդեցութիւնները աւելի շատ չտարածուին, որովհետեւ, Մինասեանի համաձայն, այսօր էական վտանգներ յայտնուած են:
Արծուիկ Մինասեան յայտնեց «Ալարտ»ի հետազօտութեան մտահոգիչ տուեալները, օրինակ՝ գոլորշիացման գերագնահատումը. տեղումները «Լիդիան»ի նշածէն աւելի շատ պիտի ըլլան, գոլորշիացումը՝ քիչ:
«Եւ հետեւաբար, հաշուարկները, որ դուք կը կատարէք, թէ այսքան կը գոլորշիանայ, այսքան մենք ջրմուղով դուրս կը մղենք, իրականութեան չեն համապատասխաներ, տեղումները շատ պիտի ըլլան, գոլորշիացումը քիչ, ձեր ջրմուղներն ալ փորձարկուած չեն», ընդգծեց Մինասեան:
Ան դիտել տուաւ, որ, երկրաբանական ուսումնասիրութեամբ, հրաբխային այդ զանգուածի ծակոտիները այնքան շատ են, որ յաւելեալ պայթումները աւելի պիտի մեծցնեն զանոնք եւ ծակոտիներու միջոցով հեղուկը շատ աւելի արագ պիտի հասնի ջրային աւազաններ: «Այդ պարագային ձեր կանխատեսումը, յարգարժան «Լիդիան», որ կ’ըսէք՝ տեղումներու ընթացքին աղտոտած ջուրը 130 տարի յետոյ նոր պիտի հասնի ջրային հատուած, իրականութեան չի համապատասխաներ, շատ աւելի շուտ պիտի հասնի», ըսաւ Մինասեան:
Ան կարեւոր նկատեց ծրագիրի տնտեսական եւ ընկերային լուրջ ցուցանիշները, բայց եւ այնպէս աւելցուց, որ այդ ձեռբերումները բաւարար չեն այս կամ այն որոշումը կայացնելու. «Միանշանակ պատասխանը «ոչ» է, որովհետեւ եթէ շրջակայ միջավայրին վրայ ազդեցութիւնը այնքան բացասական է, որ պիտի ազդէ մարդու կեանքին, առողջութեան, շրջակայ միջավայրին, համայնքներուն, կենսաբազմազանութեան վրայ, հանքի շահագործումը արդարացի չէ»: