Երկուշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2019-ին, Արաբական Լիկայի 152-րդ նիստին ընթացքին, Արաբական Լիկայի Իրաքի դեսպան Ահմատ Նայէֆ ալ Տլէմի պահանջեց Սուրիոյ Արաբական Լիկա վերադարձը:
Տլէմի շեշտեց. «Ներկայիս տարածաշրջանը իրարայաջորդ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, ուստի մեզմէ կը պահանջուի արաբական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած հարցերու լուծման ուղղութեամբ լուրջ քայլերու ձեռնարկել»:
Իր կարգին, Սուրիական-եգիպտական Բարեկամութեան Միութեան նախագահը շեշտեց, որ Սուրիոյ Արաբական Լիկա վերադարձը անհրաժեշտ է, օրին անոր անդամակցութեան անտեսումը սխալ որոշում էր: