Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի պաղեստինեան արեւմտեան բաժինէն հողատարածք մը Իսրայէլին կցելու որոշումը: Հաղորդագրութեան համաձայն, այդ որոշումը միջազգային օրէնքի խախտում կը համարուի:
Աղբիւրը աւելցուց. «Սուրիա պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Պաղեստինի ժողովուրդին՝ մինչեւ երկրի ամբողջական ազատագրումն ու հռչակումը անկախ պետութեան, որուն մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ Երուսաղէմը»: