Մութ գիշեր է. խաղաղ, հանդարտ, քնացած ենք. յանկարծ…
– Յակո՛բ, ե՛լ, ահա՛, ահա՛, գտայ, հոս է:
Թշնամիները յարձակած են եւ ահա ամէնօրեայ գիշերային պատերազմը սկսած է: Տասնեակ մժեղներ ամէնուրեք տարածուած կը խոյանան մեր վրայ:
Ես՝ ստորեւ ստորագրեալս, արծիւի աչքերով, սուր նկատողութեամբ մեր տան հմուտ մժեղ գտնողն եմ, իսկ ամուսինս՝ օ՜, հանճարեղ որսորդը: Այսպէս տհաճ, վզզացող, խանգարիչ, վնասակար այդ արարածը սենեակին ո՛ր անկիւնն ալ ըլլայ վեր թէ վար, աջ թէ ձախ աչքէս պէտք չէ փախչի, իսկ ամուսնոյս վարպետ հարուածէն՝ երբե՛ք:
Իրականութեան մէջ, երբեմն կը մտածեմ,– մեղք չէ՞ սա մժեղը սատկեցուցինք: Խեղճս, ո՜վ գիտէ հայրն ու մայրը կամ զաւակները վերադարձին կը սպասէին, իր ալ իրաւունքն է սնանիլ, հապա ինչպէ՞ս ապրի, յետոյ ի՞նչ գիտես թէ այդ անտանելի վզզոցը, որ կը փշաքաղէ քեզ իր նախասիրած մեղեդին չէ, զոր կ’երգէ ուտելիք փնտռած ատեն:
Յանկարծ,– ի՛նչ անիմաստ բաներ կը մտածես, գլուխդ դի՛ր, քնացի՛ր, վաղը առտու կանուխ գործ ունիս,– կը մրթմրթամ:
Ընթերցողը պիտի հարցնէ,– լաւ, ինչո՞ւ այսքան մժեղ,– իսկ ես կը պատասխանեմ,– ինչպէ՞ս չբազմանան մժեղները, երբ փողոցները նետուած այնքան աղբ հոս ու հոն կը կուտակուի: Ինչպէ՞ս չբազմանան մժեղները, երբ յորդած աղբամաններ տեղադրուած են բնակարաններուն ներքեւ, իսկ եթէ աղբամաններ գոյութիւն չունին, օ՜… մեր ժողովուրդը աղբերու հաւաքածոներ ստեղծելու տաղանդ ունի՝ թաղամասերուն անկիւնները, շէնքերուն մուտքին կամ ալ, ինչո՞ւ չէ, շէնքերուն մէջ:
Ձեզի կը ներկայացնեմ ապրուած կեանքէ հետաքրքրական դրուագ մը:
Գիշերուան տագնապալի քունէն ետք, առաւօտեան աչքերս շփելով կ’արթննամ, գաւաթ մը սուրճ կը պատրաստեմ սթափելու նպատակով, անզգալաբար ոտքերս կը քաշեն զիս դէպի պատշգամ, յանկարծ երկու խոշոր աղբերով ողողուած սիրունիկ աղբամաններ լայն ժպիտով մը բարի օր կը մաղթեն ինծի, կողքին «ամփէր»ի շարժառ մը, իր «ազնուական» կեցուածքով, «հմայիչ» ձայնով եւ «նրբիկ» դղրդիւնով որպիսութիւնս կը հարցնէ, իսկ եթէ պատահի, որ մեղմիկ զեփիւռ մը փչէ եւ աղբամանէն սեւ կամ ճերմակ տոպրակներ աղաւնիներու նման սաւառնին երկնքին մէջ, ա՜յնքան բախտաւոր ես դուն:
Միջանկեալ, ի՞նչ է «ամփէրը»:
Հալէպի ժողովուրդին հասկացողութեամբ, «ամփէր»ը այն ելեկտրականութիւնն է, զոր կը ստեղծուի վաճառականներու կողմէ ինչ-ինչ ձեւերով յայտնաբերուած շարժառներէն, փոխարինելու համար պետական «առատօրէն» տրուած ելեկտրական հոսանքը, կողոպտելով ժողովուրդիս գրպաններէն «կոկիկ» գումարներ: Արժէ յիշել, թէ պետական հոսանքը նկատելի ձեւով բարելաւուած է, սակայն «ամփէրճիներուն» ագահութիւնը՝ երբե՛ք:
Շարունակեմ…
Առաւօտեան ժամը տասն է արդէն, երբ նստած այս մտորումներս կ’արձանագրեմ, յանկարծ կը ժամանէ աղբահաւաք հսկայական մեքենան՝ աղբամաններուն պարունակութիւնը պարպելու համար: Այսպէս, օդին մէջ տարածուած բուրումնաւէտ անուշահոտը քիթիս մէջ մխրճուելով կարծես ուղեղս կը հարուածէ, խուճապի մատնուած կը փութամ դուռ-պատուհան գոցել, որ վեցամսեայ մանչուկս հոտէն չթունաւորուի:
Կը պատրաստուիմ գործիս ուղղուելու: Հազա՜ր փառք, որ երբ շէնքէս դուրս ելլեմ, կը հանդիպիմ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ անոր ազնիւ պահակին, այնտեղ կը տեսնեմ «Կակաչ» մանկամսուրի փոքրիկներն ու «Փեթակ» աշխատանոցի տիկինները: Աւելի վար՝ «Տիգրանեան» պարտէզն ու մուտքին կանգնած անձնազոհ տղաքը, իսկ ներսը՝ ժիր ու կայտառ երիտասարդներու ակումբը: Քայլ մը անդին՝ հանրածանօթ «Ժանօ»ն, ՍԵՄ-ի գրադարանը, այնտեղ քանի մը հայատէր խանութները եւ մանաւանդ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի կանգուն շէնքն ու աշակերտութեան կենսուրախ ձայները ամէնուրեք կեանք կը սփռեն: Այսպէս՝ հայաշունչ մթնոլորտը վերապրելու նպատակով արձանագրուած այս քայլերը, թաղեցիներն ու մանաւանդ դրացիները բաւականաչափ կը մխիթարեն զիս, եթէ չըսենք կը յուսադրեն:
Շարունակեմ պատմութիւնս…
Գործատեղիս հասնելու համար պէտք է քալեմ մզկիթ տանող ահռելի այդ ճանապարհէն, ուր կոտրտուած մայթերէն եւ ցեխոտ ճամբաներէն անցնիլը մարմնային հեզաճկուն, բարձր ունակութիւններ կը պահանջէ, իսկ աղբակոյտերուն քովէն ոստոստելն ու տհաճ մարդոցմէ խուսափիլը՝ աննկուն կամք:
Կը հասնիմ «սերվիս»ներու կեդրոն:
Ի՞նչ է «սերվիս»ը: Ան դեղին ինքնաշարժ մըն է, որուն առջեւի բաժինը երկու յաճախորդ կը թխմուի, իսկ ետեւի բաժինը՝ երեք: Հոն կը սկսի ճգնաժամը: Դուն որպէս յաճախորդ պէտք է այնքան խոհեմ ու սրամիտ ըլլաս, որ Աստուածային շնորհքով մը գիտնաս, թէ կարգը ո՞ր ինքնաշարժին է եւ այնտեղ բարձրանաս, թէ ոչ ինքզինքդ ծախու ապրանք մը զգալով վարորդներու «կռուայաճախորդ» կը դառնաս, եւ սկիզբ կ’առնէ տարբեր տեսակի հերոսամարտ մը, որուն ընթացքին լսուած հայհոյանքներէն ափ ի բերան կը մնաս:
Կը հասնիմ գործավայրս՝ Հալէպի Պետական Համալսարան: Առաւօտեան մաքուր օդը, գեղեցիկ տեսարանը եւ ծառն ու ծառաստանը տիրական ներկայութիւն են: Աղբահաւաքը ամէն տեղ մաքրած ու գետինը աւլած է, սակայն կէսօրին՝ վերադարձիս նոյն ցաւալի երեւոյթը՝ գետին թափած խաւաքարտէ գաւաթներ, ուտելիքներու թուղթեր, թաշկինակներ եւ տետրակներէ փրցուած էջեր: Տակաւին քաղաքիս բարձր մակարդակի ուսում ստացող խաւին մասին կը խօսինք: Բացառութիւնները մի՛շտ գոյութիւն ունին եւ յարգելի են, սակայն մենք կը ջանանք տհաճ երեւոյթները մատնանշել:
Երկարեցի չէ՞, աս ալ պատմեմ եւ յօդուածս աւարտեմ:
Անցեալ օր, իրիկունը նստած էինք: Յանկարծ փա՛թ-փա՛թ-փա՛թ ձայներ կը լսենք: Երբ պատերազմի հրթիռներու եւ հրասանդերու ձայները տակաւին երեւակայութենէդ չեն վերացած, պահ մը կը շփոթիս եւ կ’ուզես լսուած ձայնին բնոյթը ճշդել. չմտահոգուի՛ք… Նորգիւղը ապահով է. այդ ո՛չ հրասանդի ձայն էր, ոչ ալ ձեռնառումբի, այլ պարզապէս՝ պատշգամներէ շպրտուած աղբի տոպրակներու: Սակայն արտասովորը այդ չէր, այլ դրացիին պոռչտուքն էր, որ բարձրացաւ յանդիմանելու իր այն դրացին, որուն աղբ շպրտելը նշմարած էր մութին մէջ: Անհաւատալի, բայց իրաւ: Ահաւասիկ քաղաքակիրթ, մաքրասէր եւ պատասխանատու տիպար մը: Եթէ քանի մը օրինակ գտնուի այս մարդուն նման, արդեօ՞ք կրնանք աղբ շպրտելու երեւոյթը կասեցնել:
Կ’ըսուի թէ Հալէպի տիկինները մաքրասէր են եւ բծախնդիր: Ի՜նչ փոյթ, եթէ բնակարանդ մաքուր է, իսկ փողոցները՝ աղբեր կուտակուած են: Ի՜նչ փոյթ, եթէ բնակարանդ մաքուր է, բայց գետին ինկած թաշկինակ մը կը վերցնես ու պատուհանէդ վար կը նետես, կամ թէ ինքնաշարժէդ դուրս թղթիկ մը կը շպրտես զաւկիդ աչքին առջեւ: Արդեօք մեր զաւակները մեր արարքները չե՞ն կապկեր: Արդեօք մենք չե՞նք մեր զաւակներուն դաստիարակութեան աղբիւրը: Ուրեմն նմանօրինակ ախտերէ ձերբազատելու համար դաստիարակութիւնը նախ տուներէն ներս պէտք է սկսիլ, ապա՝ դպրոցներէն եւ ակումբներէն: Հաւանաբար օր մը ունենանք մաքուր, գեղեցիկ եւ «Երազային Հալէպ» մը:

Նանար Պապեան-Քիլէճեան