*Այսօր՝ 2-9-2019: Շատ ծանօթ թուական մը բոլոր աշակերտներուն համար: Երէկ գիշեր շատ ուրախ էի: Վերամուտի պատրաստութիւններով զբաղ՝ անհամբեր կը սպասէի, որ առաւօտ ըլլայ եւ դպրոց մեկնիմ: Ուրախութեամբ եկայ դպրոց: Ես հպարտ եմ, որ դպրոցական եմ: (Մէյրի Ինճէճիկեան)
*Վերամուտէն օրեր առաջ երբ նստած կը գծէի, եղբայրս կարդաց մեր դպրոցին յայտարարութիւնը վերամուտի մասին՝ 2 Սեպտեմբեր 2019-ին, վերամուտ է: Այդ օրը ահա հասաւ: Մինչ այդ մայրս յաճախ ինծի կը յիշեցնէր, թէ շուտով վերամուտը կը հասնի: Ես կը պատրաստուէի այդ օրուան: Այսօր առտու եղբայրս գեղեցիկ երազս ընդհատեց. «Էւա՛, արթնցի՛ր, դըպրոց պիտի երթանք»: Պատրաստուեցայ եւ դպրոցական փոխադրակառքով դպրոց հասայ: Հիմա անկեղծ կ’ըսեմ՝ շատ ուրախ չեմ: Երկար արձակուրդէ ետք դպրոց վերադառնալը իսկապէս դիւրին չէ, բայց ի՛նչ կրնամ ընել: (Էւա Պետրճիքեան) 
*Ամառնային ճոխ արձակուրդ մը անցընելէ ետք, 2 Սեպտեմբերին վերջապէս դպրոցի դռները կրկին բացուեցան՝ մեզ դիմաւորելու ուսումնական նոր տարեշրջանի մը համար: Մէկ խօսքով՝ վերամուտ:
Մէկ շաբաթ առաջ պատրաստուեցայ. Դասագիրքերս գնեցի, գրենական պիտոյքներս ապահովեցի եւ դպրոցական տարազս արդուկեցի:
Վերամուտի օրը առտու կանուխ, ուրախ արթնցայ, արագ պատրաստուեցայ եւ մեկնեցայ դպրոց՝ բարձր տրամադրութեամբ: Ընկերուհիներով զրուցեցինք մեր արձակուրդին եւ վերամուտին մասին: Ժամը ութին հնչեց 2019-2020 տարեշրջանի առաջին զանգը: Տեղաւորուեցանք մեր դասարաններէն ներս եւ աշխուժօրէն սկսանք հետեւիլ մեր ուսուցիչ- ուսուցչուհիներու բացատրութիւններուն:
Այսպիսով կը վերջանայ ամառնային արձակուրդը: Յաջող տարեշըրջան կը մաղթեմ բոլորին:(Շողիկ Գաթապեան)
*Առտու արթնցայ բարձր տրամադրութեամբ: Չէ՞ որ այսօր դպրոցին առաջին օրն է: Նոր գրենական պիտոյքներս պատրաստած էի արդէն: Հագայ տարազս, նախաճաշեցի եւ ուրախութեամբ ուղղուեցայ դպրոց: Դասընկեր-դասընկերուհիներս աւելի հասունցած տեսայ, իսկ դպրոցը մեր նոյն սիրելի դպրոցն էր: (Լուսի Սաղտճեան)
*Այս տարի ամառնային արձակուրդը շատ արագ անցաւ: Եւ արդէն… դասերը սկսան: Վերամուտի առտուն ուրախ արթնցայ, շատ արագ պատրաստուեցայ, վայրկեան առաջ կ’ուզէի դպրոց հասնիլ…: Դասերէն եւ դըպրոցէն աւելի կարօտցած էի դասընկերուհիներուս: (Բարտի Լնդեան)
*Կանուխ արթնցայ՝ պատրաստուելու համար դպրոցի առաջին օրուան: Դժգոհ էի, բայց նոյն ատեն կարօտցած էի դպրոցին ու դասընկեր-դասընկերուհիներուս: Ահաւասիկ կը դիմաւորենք 2019-2020 տարեշրջանը: Բարի վերամուտ եւ յաջող տարի: (Լոռի Մալաթջալեան)
*Դպրոցին առաջին օրը զարթուցիչը հնչեց: Դժուարութեամբ արթնցայ: Շատ խանդավառ չէի դպրոցի վերամուտին առիթով, քանի որ դասերը պիտի սկսէին: Բայց հիմա, երբ դպրոցն եմ, շատ ուրախ եմ: Դպրոցական մթնոլորտին կարօտցած էի: (Մարիա Յովհաննէսեան)
*Վերջացա՜ւ մեր ամառնային արձակուրդը: Դպրոցի առաջին օրն է: Մենք վերադարձանք մեր դպրոցին եւ ուսուցիչ- ուսուցչուհիներուն: Շատ ուրախ եմ, որ դպրոցը սկսաւ: Բոլորին՝ բարի վերամուտ: (Լարա Պետուրեան) 
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան (Ը. Կարգ)