Հայաստանի Ռազմական Շրջանի մամուլի ծառայութենէն հաղորդեցին, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած ռուսական Հարաւային ռազմական շրջանի (ՀՌՇ) շարժահրաձգային գումարտակներու պատրաստումը աւարտած է, որուն ընթացքին տեղի ունեցած է մարտական հրաձգութեամբ երկկողմանի վաշտային զօրավարժութիւն` նկատի առնելով նաեւ Սուրիոյ մէջ տեղային պատերազմներու ընթացքին  կատարուած փորձը:

Զօրավարժութիւնը տեղի ունեցած է 15 Օգոստոսէն 15 Սեպտեմբերին: Ամէնօրեայ դրութեամբ կատարուած զօրավարժութեան մասնակցած է աւելի քան 500 զինուորական ծառայող եւ ներգրաւուած աւելի քան 100 ռազմական ճարտարագիտական միաւոր: